Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Կրնայ Գլխաւորել Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը

Նոյեմբեր 11, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ նոր սահմանադրութեամբ Թուրքիոյ մէջ նախագահական համակարգ որդեգրել փափաքող Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը ծրագրէ ընդդիմութեան հետ համաձայնութիւն չգոյացնելու պարագային օրակարգ բերել «կուսակցապետ նախագահ» այլընտրանքը:

Օրաթերթը կը նշէ, որ այդ այլընտրանքին համար իշխող կուսակցութեան բաւարար պիտի ըլլայ վերցնել Թուրքիոյ սահմանադրութեան 101-րդ յօդուածին մէջ եղած «նախագահի պաշտօնին ընտրուած անձը պէտք է խզէ կապերը կուսակցութեան հետ» պահանջը: Այդպիսի պարագային Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կրնայ երկրի նախագահի պաշտօնը համատեղել Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախագահի պաշտօնին հետ, բան մը, որ ներկայ սահմանադրութեամբ կը վերագրուի Թուրքիոյ վարչապետին:

Թերթը կը գրէ, որ ներկայիս իշխող կուսակցութեան մէջ Թուրքիոյ նոր սահմանադրութեան եւ նախագահական համակարգին հետ կապուած հետեւեալ տեսակէտները շրջանառութեան մէջ են. առաջին` ամբողջական նախագահական համակարգ, երկրորդ` կիսանախագահական համակարգ, երրորդ` «կուսակցապետ նախագահ» տարազը:

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մէջ այն կարծիքը կայ, որ եթէ առաջին երկուքը կարելի չըլլայ ձեռք բերել, կրնան ընդունիլ նաեւ «կուսակցապետ նախագահ» տարազը:

Թուրքիոյ նախագահի կապերը իր անդամակցած կուսակցութեան հետ խզելու պահանջը տեղ գտած է 1961-ին որդեգրուած սահմանադրութեան մէջ, որ ամրագրուած էր Աթաթուրքի նախագահութեան ժամանակաշրջանին (1923-1938): «Այդպիսի փոփոխութիւն մը կատարուելու պարագային Էրտողան Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնը պիտի համատեղէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախագահի պաշտօնին հետ», կը գրէ օրաթերթը:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Իրան Ամրապնդած Է Իր Սահմաններուն Հսկողութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?