Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանը` Գողցուած Դրամներ Լուալու Կեդրոն

November 12, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Dollars_111115

Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները մեղադրանք ներկայացուցած են երեք ցանցահէններու, որոնք կը կարծուին համացանցային յանցագործութիւններու միջոցով ամերիկեան դրամատուներէն հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ գողնալով Ազրպէյճանի մէջ լուացած ըլլալ:

Ցանցահէններուն զոհ դարձած են տասնեակ ընկերութիւններու շուրջ հարիւր միլիոն աշխատակից, որոնց շարքին` ամերիկեան «Ճէյ Փի Մորկըն Չէյզ» եւ «Տաու Ճոնզ» դրամատուներու յաճախորդներ, իսկ դրամները լուացուած են ազրպէյճանական դրամատուներու միջոցով:

Յանցագործները օգտագործած են Հարաւային Ափրիկէի հանրապետութեան եւ Պրազիլի մէջ համակարգչային ցանցերը, դրամները լուացած են Կիպրոսի միջոցով, իսկ վարկային քարտերով անօրինական վճարումները կատարուած են Ազրպէյճանի միջոցով:

Կասկածեալներուն մէջ են Իսրայէլի քաղաքացիներ` 31-ամեայ Ճերի Շալոնը, 40-ամեայ Զիւա Օրենշթայնը եւ Մոսկուայի մէջ բնակող ամերիկացի Ճոշուա Էրոնը:

Տակաւին յստակ չէ, թէ յատկապէս ազրպէյճանական ո՛ր դրամատուներով կատարուած են թալանուած դրամները լուալու գործառոյթները: Սակայն աւստրական «Իմըֆընսի Ռիսփոնս Թիմզ» ընկերութեան ղեկավար Ռոպերթ Շիշքա տակաւին անցեալ տարի յիշեցուցած էր Քալիֆորնիոյ համալսարանին կողմէ կատարուած մէկ հետազօտութեան մասին, որուն մէջ ըսուած էր, թէ այդ ձեւով վճարումներ կատարող դրամատուներէն մէկը կը գտնուի Ազրպէյճանի մէջ: Այդ ժամանակ գայթակղութեան մէջ երեւցած էր ազրպէյճանական «Ազերիքազպանք» դրամատան անունը:

Ուշագրաւ է, որ նշեալ դրամատան սեփականատէր, Ազրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Չենկիզ Ասատուլլայեւը կը հանդիսանայ Ազրպէյճանի ազգային անվտանգութեան վերջերս պաշտօնանկ եղած նախարար Էլտար Մահմուտովի մերձաւորը:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ռուսիայէն Եւ Բրիտանիայէն Թռիչքներու Ջնջումէն Ետք Եգիպտոսի Կորուստները Պիտի Կազմեն Ամսական 273 Միլիոն Տոլար

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.