Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Իրանեան Հիւլէական Վայրերու Վրայ Հարուածները Զանոնք Ամբողջովին Քանդեցին. «Սի. Էն. Էն.»-ի Տեղեկագրութիւնը Սուտ Է»

June 26, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ Իրանի մէջ հիւլէական վայրերու վրայ օդային հարուածները «Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ յաջողագոյններէն» կը նկատուին` նշելով, որ այդ վայրերը «ամբողջովին քանդուեցան»:

Թրամփ հերքեց «Սի.Էն.Էն.»-ի սփռած տեղեկագրութիւնը, թէ ամերիկեան օդային հարուածները ձախողած են Իրանի հիւլէական ծրագիրը քանդել` զայն նկատելով «սուտ»:

«Սի.Էն.Էն.», մէջբերելով քաջատեղեակ չորս անձեր, հաղորդեց, որ ամերիկեան հետախուզական նախնական գնահատման համաձայն, անցեալ շաբաթավերջին իրանեան երեք վայրերու վրայ ամերիկեան օդային հարուածները երկրին հիւլէական ծրագիրին հիմնական տարրերը չքանդեցին, եւ հաւանական է, որ այդ ծրագիրը միայն քանի մը ամիսով ետ տարին:

Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ այդ գնահատականը պատրաստած է Փենթակոնի հետախուզական թեւը եղող պաշտպանութեան հետախուզական ծառայութիւնը:

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսի «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց, որ Իրանի հիւլէական կառոյցները լրջօրէն վնասուած են:

«Մենք կը տեսնենք վնասի շատ նշանակալի աստիճան երեք վայրերուն մէջ: Նաթանզը առաջինն էր, որ ենթարկուեցաւ հարուածի, անոր մէջ շատ, շատ լուրջ վնաս հասցուեցաւ հնոցներու շատ կարեւոր սրահներէն մէկուն, ուր կը կատարուէր իւրանիոմի հարստացումը: Նոյնիսկ ատոր ստորգետնեայ հատուածը սկիզբը անուղղակիօրէն վնասուած է, յետոյ` ուղղակի», ըսաւ ան:

Խօսելով Իսֆահանի կառոյցին մասին` Կրոսին շեշտեց. «Ատիկա համալիր մըն է, որ կը ներառէ բազմաթիւ շէնքեր, ուր կը կատարուին տարբեր աշխատանքներ: Սակայն այնտեղ վնասը նոյնպէս շատ զգալի էր»:

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէնին համաձայն, Ֆորտոյի կառոյցը «աւելի լաւ ամրացուած էր»: «Մենք տեսած են լուրջ վնաս, որ հասցուած է խոր ներթափանցող զինամթերքով: Հակառակ անոր որ ոչ ոք ներսն էր եւ ատիկա չտեսաւ», աւելցուց ան:

«Եզրակացութիւնը, ի հարկէ, այն է, որ վնասը պէտք է շատ, շատ զգալի ըլլայ», եզրափակեց Կրոսի` խօսելով բոլոր երեք վայրերուն մասին:

Իսրայէլեան աղբիւր մը ամերիկեան «Էն. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ֆորտօ կայանին վրայ յարձակումին արդիւնքը բացարձակապէս լաւ չէ»:

Նախորդը

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Պատմական Յաղթանակ Արձանագրեց»

Յաջորդը

Ռուպիօ. «Թրամփ Թեհրանի Մէջ Վարչակարգի Փոփոխութիւնը Կը Նկատէ Հաւանական, Եթէ Անոր Ղեկավարները Շարունակեն Նոյն Ուղղութեամբ Ընթանալ»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.