Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալիպաֆ. «Յարձակումի Դադրեցումը Պարտադրեցինք Առանց Թշնամիին Պահանջները Ընդունելու»

June 26, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնեց. «Զինադադարը նախայարձակ թշնամիին պարտադրուեցաւ առանց իւրանիոմի հարստացման եւ իրանեան հրթիռային ծրագիրին վերաբերեալ անոր պահանջները ընդունելու, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մենք թշնամիին փափաքներուն ամբողջովին հակառակը կ՛ընենք, եւ կը շարունակենք միայն իրանցի մեծ ու հերոս ժողովուրդի շահերուն ծառայել: Եւ թշնամիին նկատմամբ ամբողջական անվստահութեամբ, մեր մատը կը պահենք բլթակին վրայ` պատրաստ ըլլալով ամէն պահու վճռական պատասխան տալու որեւէ յարձակումի»:

Ան ժողովուրդին յղուած պատգամի մը մէջ նշեց. «Շնորհիւ Աստուծոյ եւ իրանեան յեղափոխութեան իմաստուն ղեկավարութեան, գիտակից ժողովուրդի միասնականութեամբ եւ զինեալ ուժերու հերոսական դիմադրութեան, ոճրագործ թշնամին ի վերջոյ նահանջեց, հակառակ իր ձեռքերը  այս ժողովուրդի ամէնէն մաքուր եւ քաջ զաւակներու արիւնով ներկելուն, առանց իրագործելու իր չար նպատակներէն որեւէ մէկը», ըսաւ խորհրդարանի նախագահը:

«Իրանցի ժողովուրդը պատուաւոր դուրս եկաւ, եւ ան է պատմութեան մէջ յաւիտենական յաղթականը», յայտնեց Քալիպաֆ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի իր կարգին յայտնեց. «Իրանը պիտի չհրաժարի իր հիւլէական ծրագիրէն»:

Անոր համաձայն, Իսրայէլի հետ 12-օրեայ պատերազմէն ետք Թեհրանը աւելի վճռական դարձած է:

«Մենք չափազանց շատ բան ներդրած ենք այդ ճարտարագիտութիւններուն մէջ: Գիտնականները զոհուեցան, ժողովուրդը հանդուրժեց պատժամիջոցները, մեզի պատերազմ պարտադրեցին: Իրանի մէջ ոչ ոք պիտի հրաժարի այդ ծրագիրէն: Անիկա միշտ եղած է Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան վերահսկողութեան տակ», ըսած է Արաղչի:

Նախորդը

Քրեմլին Կը Հերքէ Մեղադրանքները, Թէ Իրանին Աջակցելու Բաւարար Ջանքեր Չէ Գործադրած

Յաջորդը

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Պատմական Յաղթանակ Արձանագրեց»

RelatedPosts

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ»  Հասնելէն Կը Զգուշացնէ
Միջազգային

Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ» Հասնելէն Կը Զգուշացնէ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.