Իրանի հետ պատերազմի արդիւնքը կարելիութիւն ստեղծած է խաղաղութեան համար, որ Իսրայէլ պէտք չէ կորսնցնէ: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու:
«Այս յաղթանակը կարելիութիւն կը ստեղծէ խաղաղութեան համաձայնութիւններու էական ընդլայնման համար: Մենք մեծ ոգեւորութեամբ այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատինք», նշած է ան:
Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը, վկայակոչելով անանուն աղբիւր մը, յայտնած է, որ Նեթանիահուն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը այս շաբաթ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած են Կազայի պատերազմի արագ աւարտին շուրջ, հաւանաբար երկու շաբթուան ընթացքին: Ըստ օրաթերթին, այդ համաձայնութեան ծիրին մէջ կրնայ ընդլայնուիլ Աբրահամեան համաձայնագիրներու շրջագիծը` ներառելով Սէուտական Արաբիան եւ Սուրիան:
Նեթանիահուի գրասենեակը մերժած է մեկնաբանել այս լուրը:
Իսրայէլի վարչապետը 22 ապրիլին ըսած էր, որ Իրանի տկարացման պայմաններուն մէջ կ՛ակնկալէ, որ աւելի շատ երկիրներ պիտի միանան Աբրահամեան համաձայնագիրներուն: