Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Միացեալ Նահանգներու անկախութեան օրուան առիթով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին յղած է շնորհաւորական նամակ մը: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Լաւրով իր նամակին մէջ գրած է. «Կը խնդրեմ իմ անկեղծ շնորհաւորանքները փոխանցել ամերիկացի ժողովուրդին Միացեալ Նահանգներու ազգային տօնի` Անկախութեան օրուան առիթով, Ռուսիոյ աջակցութիւնը յայտնել անոր միասնութեան ձգտումներուն եւ ամերիկեան աւանդական երազանքի իրականացման:
«Յոյսով եմ, որ միացեալ ջանքերու շնորհիւ մեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կ՛ամրապնդուին ստեղծագործական ուղղութեան վրայ եւ ձեռք կը բերեն դրական կայունութիւն եւ կանխատեսելիութիւն` հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ մէկզմէկու ազգային շահերը հաշուի առնելու վրայ, որոնք նախապէս որոշուած են պատմութեամբ, աշխարհագրութեամբ եւ «գետնի վրայ իրականութիւններով»:
«Կ՛օգտուիմ այս կարելիութենէն` կը մաղթեմ ամերիկացի ժողովուրդին հետեւիլ խաղաղութեան եւ հասարակաց բարգաւաճման ուղիին, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան հռչակագիրի` իւրաքանչիւր մարդու կեանքի, ազատութեան եւ երջանկութեան ձգտման իրաւունքին վերաբերեալ ուխտերը մնան անսասան»: