Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ իր սուրիացի պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեց Դամասկոսի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու վերացումն ու Սուրիոյ վերաբերեալ արտակարգ դրութեան ջնջումը»:
«Ռուպիօ իր սուրիացի պաշտօնակիցին յայտնեց, որ Սուրիոյ վերաբերեալ ահաբեկչական որակաւորումները վերատեսութեան ենթարկելու համար այլ քայլեր պիտի քննարկէ», նշեց նախարարութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ աւելցուց. «Ռուպիօ իր սուրիացի պաշտօնակիցին հետ քննարկեց Պաշշար Ասատի նախկին վարչակարգի քիմիական զէնքերու ծրագիրի որեւէ մնացորդի քանդման հարցը»: