Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրանցիները ինծի տեղեկացուցին, թէ կ՛ուզեն ամերիկեան ուժերուն վրայ 14 կրակոց կատարել. հարցը նախապէս ինծի հետ համակարգեցին, եւ ես անոր համաձայնութիւնս տուի»:
«Իրանի մէջ մեր ծրագրած բոլոր թիրախները ամբողջութեամբ կործանեցինք», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Քաթարի մէջ օդուժի ռազմակայանը դատարկեցինք նախքան Իրանի զայն ռմբակոծելու սկսիլը, եւ Քաթարը իրապէս մեզի հետ շատ հոյակապ կերպով վարուեցաւ», ըսաւ Թրամփ:
«Քոնկրեսի որդեգրած օրինագիծը կառավարական ծախսերը կը նուազեցնէ 1,5 եռիլիոն տոլարով», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը` նշելով. «Դեմոկրատականները մեծ ու գեղեցիկ օրինագիծին դէմ քուէարկեցին, որովհետեւ զիս կ՛ատեն, ես ալ զիրենք կ՛ատեմ»:
Թրամփ նաեւ պատասխանելով այն հարցումին, թէ պաղեստինեան Համաս շարժումը համաձայնա՞ծ է Կազայի մէջ 60-օրեայ զինադադար հաստատելու ամերիկեան առաջարկին, յայտնեց. «Յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին պիտի իմանանք»: