Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մերքելի Կուսակցութիւնը Դաշնակցային Երեք Երկրամասերէն Երկուքին Մէջ Պարտութիւն Կրած Է

March 23, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Անկելա Մերքել
Անկելա Մերքել

«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի ղեկավարած Քրիստոնեայ-ժողովրդավար միութիւն կուսակցութիւնը 13 մարտին տեղի ունեցած տարածքային ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընթացքին դաշնակցային երեք երկրամասերէն երկուքին մէջ պարտութիւն կրած է:

Այդ երկու երկրամասերուն խորհրդարանները մուտք գործած է Եւրոպական Միութեան ընդդիմացող աջակողմեան Այլընտրանք Գերմանիոյ համար կուսակցութիւնը:

Ըստ նախնական տուեալներուն, Պատեն-Վիւրթենպերկի մէջ կառավարող «կանաչներ»-ը կը ստանան ձայներու 30 առ հարիւրը, Գերմանիոյ իշխող Քրիստոնեայ-ժողովրդավար միութիւն կուսակցութիւնը` 27 առ հարիւրը: Այլընտրանք Գերմանիոյ համար կուսակցութիւնը գրաւած է երրորդ դիրքը` ձայներուն 15,1 առ հարիւրով: Ռէյնալտ-Փֆալց երկրամասին մէջ ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած է Գերմանիոյ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը` ստանալով քուէներուն 36,2 առ հարիւրը, Մերքելի կուսակցութիւնը ստացած է քուէներուն 31,8 առ հարիւրը, իսկ Այլընտրանք Գերմանիոյ համար կուսակցութիւնը` 12,6 առ հարիւրը:

Մերքելի կուսակցութիւնը յաղթանակ արձանագրած է միայն Սաքսոնիա-Անհալթի մէջ, ուր հաւաքած է քուէներուն 28,8 առ հարիւրը: 24,14 առ հարիւրով երկրորդ դիրքը գրաւած է Այլընտրանք Գերմանիոյ համար կուսակցութիւնը, 16,2 առ հարիւրով երրորդ դիրքը` Ձախ կուսակցութիւնը:

Տարեսկիզբին գերմանացի ընկերաբանները յայտարարած են Քրիստոնեայ-դեմոկրատ միութիւն/ Քրիստոնեայ-ընկերային միութիւն աջակողմեան կեդրոնամէտ կուսակցութիւններու դաշինքին վարկանիշի մրցանշային անկումին մասին: Հարցախոյզները կը վկայեն Եւրոպական Միութեան ընդդիմացող աջակողմեաններու` Այլընտրանք Գերմանիոյ համար կուսակցութեան ազդեցութեան աճին մասին: Ատոր աջակցութեան մակարդակը այժմ կը կազմէ 12,5 առ հարիւրը, երբ 2013-ին նշեալ կուսակցութիւնը հաւաքած էր քուէներուն ընդամէնը 4,7 առ հարիւրը եւ նոյնիսկ մուտք չէր գործած խորհրդարան:

Նախորդը

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Տասը Կուսանաց Յիշատակի Ժամերգութիւնը

Յաջորդը

Սպաննուած Է Լեզկիական «Սատվալ» Շարժումի Ղեկավար Նազիմ Հաճիեւը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.