
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով երէկ լրագրողներուն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ դիմած են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին` խնդրելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրին ընդունիլ Մոսկուա անոր այցելութեան ընթացքին:
«Իրապէս, ամերիկացի մեր գործընկերները յայտնած են Մոսկուա Քերրիի այցելութեան ընթացքին զինք ընդունելու Փութինին ուղղուած խնդրանքին մասին: Եւ այժմ այդպիսի ընդունելութեան կարելիութիւնը կ՛ուսումնասիրուի: Ժամկէտներու մասին մենք պիտի յայտնենք հետագային», ըսած է Փեսքով:
Քերրի Մոսկուա պիտի այցելէ 23-24 մարտին: Ան բանակցութիւններ պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան մէջ կը նշուի. «Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները կը մնան ոչ դիւրին վիճակի մէջ», ինչ որ կապուած է նաեւ այն շարք մը քայլերուն, «զորս Ուաշինկթըն ձեռնարկած է ուքրանական ճգնաժամին պատրուակով»:


