
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա Անգարային կոչ ուղղեց` «դադրեցնելու հարաւարեւելեան Թուրքիոյ մէջ քիւրտ բնակիչներուն դէմ բռնարարքները»:
Ան նշեց. «Հակառակ թրքական իշխանութիւններուն այսպէս կոչած ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յաջող աւարտի մասին պնդումներուն` դժբախտաբար երկրին արեւելքը գտնուող շարք մը շրջաններուն մէջ բռնարարքներու մակարդակը չնուազեցաւ»:
Զախարովա յայտնեց. «Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան կազմակերպութիւններ եւ լրատուամիջոցներ թրքական օդուժի հարուածներուն պատճառով խաղաղ բնակիչներու սպանութեան եւ ապահովական գործողութիւններու ընթացքին մարդկային իրաւանց մեծաթիւ ոտնահարումներու մասին լուրեր հաղորդեցին»` աւելցնելով, որ ըստ հասանելի տուեալներուն, հարաւարեւելեան Թուրքիոյ շրջաններէն տեղահանուածներուն թիւը հասած է շուրջ մէկ միլիոնի:
Զախարովա վերահաստատեց Անգարային ուղղուած կոչը` «բռնարարքները կասեցնելու եւ քրտական հարցի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերադառնալու պայմաններ ապահովելու»` նշելով. «Մեր կարծիքով, այդ հարցին լուծումը կրնայ միայն քաղաքական ըլլալ»:


