Միջազգային

«Թուրքիան Կը Փորձէ Տապալել  Սուրիոյ Մէջ Զինադուլի Դրութիւնը»  Կ՛ըսէ Մաթվիենքօ

«Թուրքիան Կը Փորձէ Տապալել Սուրիոյ Մէջ Զինադուլի Դրութիւնը» Կ՛ըսէ Մաթվիենքօ

Վալենթինա Մաթվիենքօ Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Թուրքիան կը փորձէ տապալել Սուրիոյ մէջ գործող զինադադարի դրութիւնն ու սրել իրավիճակը այնտեղ: «Զինադադարի դրութիւնը խախտելու, Սուրիոյ մէջ իրավիճակը սրելու փորձեր կը կատարուին: Այլոց շարքին նաեւ Թուրքիոյ կողմէ, որ արդէն սկիզբէն Սուրիոյ մէջ իր աշխարհաքաղաքական շահերը կը հետապնդէ, ան կը շարունակէ կրակ բանալ քիւրտ բնակչութեան...

Քարածիչ Բանտարկուեցաւ  Սրեպրենիչայի Ցեղասպանութեան Համար

Քարածիչ Բանտարկուեցաւ Սրեպրենիչայի Ցեղասպանութեան Համար

Պոսնիացի սերպ նախկին ղեկավար Ռատովան Քարածիչ Լա Հէյի դատարանին կողմէ 40 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ 1992-1995-ի պոսնիական պատերազմին ընթացքին ցեղասպանութիւն եւ պատերազմական ոճիրներ գործելուն համար: 70-ամեայ Քարածիչի ութամեայ դատը Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր պատերազմական ոճիրներու ամէնէն կարեւոր դատերէն մէկն է: Ան մերժեց ամբաստանութիւնները` նշելով, որ ոճիրները գործուած են անկարգ տարրերու կողմէ եւ ոչ թէ իր հրամանատարութեան տակ գտնուող ուժերուն: Պոսնիոյ...

«Սուրիոյ Մէջ Յառաջդիմութիւնը  Շնորհիւ Օպամայի Կեցուածքին Է»  Ըսաւ Փութին

«Սուրիոյ Մէջ Յառաջդիմութիւնը Շնորհիւ Օպամայի Կեցուածքին Է» Ըսաւ Փութին

Քերրի եւ Փութին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Մոսկուա իր այցելութեան երկրորդ ու վերջին օրուան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Վերջինս յոյս յայտնեց, որ Քերրիի այցելութիւնը նպաստէ երկու երկիրներու տեսակէտներու մերձեցման: Ան ըսաւ, որ այն յառաջդիմութիւնը որ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ մէջ, շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային էր: Քերրի իր կարգին յայտնեց, որ զինադուլի հաստատումին...

Իրաքեան Քիւրտիստանի Անկախութեան  Շուրջ Հանրաքուէն Մինչեւ Հոկտեմբեր

Իրաքեան Քիւրտիստանի Անկախութեան Շուրջ Հանրաքուէն Մինչեւ Հոկտեմբեր

Մասուտ Պարզանի Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի «Ալ Մոնիթըր»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ իրաքեան Քիւրտիստանի անկախութեան հանրաքուէն կրնայ տեղի ունենալ մինչեւ հոկտեմբեր 2016: Իրաքի սահմանադրութեան համաձայն, իրաքեան Քիւրտիստանի շրջանը օժտուած է լայն ինքնավարութեամբ: Պարզանի բացատրած է, որ հիասթափուած է Պաղտատի ներկայ քաղաքականութենէն, որ քիւրտերը կը զրկէ պիւտճէի սեփական մասէն եւ չէ կրցած կատարել շարք...

Սուրիոյ Շուրջ Հաշտութեան  Բանակցութիւնները  Դուրս Եկած Են Փակուղիէն

Սուրիոյ Շուրջ Հաշտութեան Բանակցութիւնները Դուրս Եկած Են Փակուղիէն

Պաշշար Ժաաֆարի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ժընեւի մէջ միջսուրիական հաշտութեան բանակցութիւններուն ընթացքին Դամասկոսի պատուիրակութեան ղեկավար Պաշշար Ժաաֆարի Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ բանակցութիւններու նոր փուլի ընթացքին կարելի եղած է փակուղիէն դուրս գալ եւ յառաջընթաց արձանագրել: Ըստ Ժաաֆարիի, ինք Մոկերինիին յորդորած է ջնջել Սուրիոյ դէմ Եւրոպայի...

Ապահովութեան Խորհուրդը Կ՛ողջունէ  Եմէնի Մէջ Մարտական Գործողութիւններու  Դադրեցման Շուրջ Համաձայնութիւնը

Ապահովութեան Խորհուրդը Կ՛ողջունէ Եմէնի Մէջ Մարտական Գործողութիւններու Դադրեցման Շուրջ Համաձայնութիւնը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ողջունեց Եմէնի հարցով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ պատուիրակ Իսմայիլ Ուալատ Շէյխ Ահմետի 10 ապրիլի կէս գիշերէն սկսեալ Եմէնի մէջ զինադուլի եւ 18 ապրիլին Քուէյթի մէջ խաղաղութեան բանակցութիւններու սկսման մասին յայտարարութիւնը: Ապահովութեան խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տագնապի առնչակից բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` «անմիջապէս նուազեցնելու բռնարարքները եւ հրաժարելու որեւէ արարքէ, որ կրնայ լարուածութեան բարձրացման առաջնորդել` հարթելու համար ճամբան թշնամական...

Ուաշինկթըն Անգարային Անգամ Մը  Եւս Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու  Մամլոյ Ազատութիւնը

Ուաշինկթըն Անգարային Անգամ Մը Եւս Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու Մամլոյ Ազատութիւնը

Մարք Թոնըր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ տեղեակ են, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր երկրին Սահմանադրական դատարանէն կը պահանջէ «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրի ազատ արձակման վճիռը ջնջել` նշելով, որ Ուաշինկթըն այդ հարցին կը հետեւի: «Միացեալ Նահանգներ նախապէս թրքական իշխանութիւններուն հետ այս հարցին մասին խօսած էին` մտահոգութիւն յայտնելով երկրին մէջ մամլոյ ազատութեան...

Ուաշինկթընի Մէջ Պաշտպանական  Հարցերով Ամերիկա-Ազրպէյճան  Խորհրդակցութիւններ

Ուաշինկթընի Մէջ Պաշտպանական Հարցերով Ամերիկա-Ազրպէյճան Խորհրդակցութիւններ

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, թէ 23 մարտին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած են պաշտպանական հարցերով ամերիկեան-ազրպէյճանական լսումներ: Կողմերը քննարկած են ՕԹԱՆ-ի հետ Անհատական գործընկերութեան ծրագիրի ծիրին մէջ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը գլխաւորած է այդ երկրին պաշտպանութեան նախարարութեան միջազգային համագործակցութեան վարչութեան ղեկավար Հիւսէյն Մահմուտով, իսկ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնը` պաշտպանութեան...

Ապահովական Նկատառումներով.  Պոլսոյ Մէջ Հոլանտայի  Հիւպատոսարանը Փակուեցաւ

Ապահովական Նկատառումներով. Պոլսոյ Մէջ Հոլանտայի Հիւպատոսարանը Փակուեցաւ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Պերթ Քոենտերսի կարգադրութեամբ, ահաբեկչութեան սպառնալիքի պատճառով դատարկուած է Պոլսոյ մէջ Հոլանտայի հիւպատոսարանը, իսկ հիւպատոսութիւնը` ժամանակաւորապէս փակուած: «Ռոյթըրզ» կը նշէ, որ քաղաքացիներուն խորհուրդ տրուած է հեռու մնալու հիւպատոսութեան շէնքէն: Յայտնի չէ, թէ հիւպատոսութիւնը քանի՛ օր պիտի մնայ փակ: Պոլսոյ մէջ Հոլանտայի հիւպատոսութիւնը կը գտնուի Թաքսիմ հրապարակին կից` Իսթիքլալ պողոտային վրայ:

Պրիւքսէլի Յարձակումներուն  Հեղինակներէն Երկուքը Եղբայրներ Են

Պրիւքսէլի Յարձակումներուն Հեղինակներէն Երկուքը Եղբայրներ Են

Պելճիքայի դաշնակցային դատախազ Ֆրետերիք Վան Լիւ յայտնեց, որ երեքշաբթի օր Պրիւքսէլի մէջ անձնասպանական գործողութիւններու հեղինակներէն երկուքը եղբայրներ են` Պելճիքայի քաղաքացիներ Խալետ եւ Իպրահիմ Պաքրաուիները: Ան ըսաւ, որ Իպրահիմ մասնակցած էր Պրիւքսէլի «Զաւանթեմ» օդակայանին մէջ 11 զոհ պատճառած յարձակումին, իսկ Խալետ յարձակում գործած է փապուղիի Մալպիք կեդրոնին դէմ, ուր 20 զոհ արձանագրուած էր: Վիրաւորներու ընդհանուր թիւը 260 էր: Ոստիկանները տակաւին կը...

Թուրք Երեսփոխանը Պելճիքայի  Պայթումներուն Գծով Կը Մեղադրէ Էրտողանը

Թուրք Երեսփոխանը Պելճիքայի Պայթումներուն Գծով Կը Մեղադրէ Էրտողանը

Կայէ Ուսլու «Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երեսփոխան Կայէ Ուսլու 22 մարտին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումներուն գծով մեղադրած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Թրքական իշխանամէտ «Սապահ» օրաթերթի կայքը կը գրէ, թէ Ուսլու նշած է, որ Էրտողան քանի մը օր առաջ ահաբեկչութեամբ սպառնացած է Պելճիքային եւ իրագործած է իր սպառնալիքը: Ուսլու «Թուիթըր»-ի...

Միացեալ Նահանգներու Նախագահը Աւարտեց  Քուպա Իր Պատմական Այցելութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Նախագահը Աւարտեց Քուպա Իր Պատմական Այցելութիւնը

Պարաք Օպամա «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա աւարտելով իր այցելութիւնը Քուպա, Խոսէ Մարթի օդակայանին մէջ անոր հրաժեշտ տուած են Քուպայի նախագահ Ռաուլ Քասթրոն եւ երկրի արտաքին գործոց նախարար Պրիւնօ Ռոտրիկեսը: Օպամա Քուպա հասած էր 20 մարտին` ընտանիքին եւ քառասուն քոնկրեսականներու ընկերակցութեամբ: Կղզիին վրայ գտնուելու ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահը, այլ ձեռնարկներու կարգին, յարգած է Քուպայի ազգային...

Թրամփ Եւ Քլինթըն Արիզոնայի Մէջ  Մեծ Յաղթանակներ Կ՛արձանագրեն

Թրամփ Եւ Քլինթըն Արիզոնայի Մէջ Մեծ Յաղթանակներ Կ՛արձանագրեն

Քլինթըն եւ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան պաշտօնին յառաջատար թեկնածուներ դեմոկրատական Հիլըրի Քլինթըն եւ հանրապետական Տոնալտ Թրամփ շարունակեցին յաղթանակներ արձանագրել: Գաղթի հարցը մեծագոյն հետաքրքրութիւնն էր նախնական ընտրութիւններու վերջին փուլի կարեւորագոյն հանգրուանը նկատուող Միացեալ Նահանգներու հարաւարեւմտեան նահանգին մէջ: Հարցախոյզները ցոյց տուին, որ Թրամփի հակագաղթականական պատգամը մեծ ընդունելութիւն գտած է նահանգի պահպանողական քուէարկողներուն մօտ: Փոքրամասնութիւնները սիրաշահելու Քլինթընի քաղաքականութիւնը անոր յաղթանակ ապահովեց լատինամերիկեան ծագումով...

Ականահարումներու Շարք Մը Ցնցեց  Պրիւքսէլը` Ահազանգի  Ենթարկելով Ամբողջ Եւրոպան

Ականահարումներու Շարք Մը Ցնցեց Պրիւքսէլը` Ահազանգի Ենթարկելով Ամբողջ Եւրոպան

34 անձեր զոհուեցան եւ 61 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ Պրիւքսէլի միջազգային օդակայանն ու քաղաքի փապուղիի մէկ կեդրոնը ականահարումներու թիրախ դարձան: Երկու ականահարումներ ցնցեցին օդակայանը, իսկ մէկ ժամ ետք երրորդ մը տեղի ունեցաւ փապուղիի Մալպիք կայարանին մէջ, որ կը գտնուի Եւրոպական Միութեան կեդրոնատեղիին մօտ: Կեդրոնատեղին գտնուողները հեռացուեցան շրջանէն: Պելճիքացի դատախազ մը հաւանական նկատեց, որ օդակայանին մէջ տեղի ունեցած պայթումներէն մէկը ըլլայ անձնասպանական...

Քերրի Այսօր Կ՛այցելէ Մոսկուա  Եւ Հանդիպում Կ՛ունենայ Փութինի Հետ

Քերրի Այսօր Կ՛այցելէ Մոսկուա Եւ Հանդիպում Կ՛ունենայ Փութինի Հետ

Ճոն Քերրի ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն հաստատած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի միջեւ ծրագրուող հանդիպումը: «Իրօք, տեղի պիտի ունենայ Քերրիի եւ Փութինի հանդիպումը», յայտնած է Փեսքով` աւելցնելով, որ Քերրի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Փութինին պիտի զեկուցեն իրենց տեսակցութիւններուն մասին «եւ հաւանաբար,...

Օպամա Յայտարարած Է Քուպայի Հետ  Յարաբերութիւններուն Մէջ  «Նոր Օր» Սկսելուն Մասին

Օպամա Յայտարարած Է Քուպայի Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ «Նոր Օր» Սկսելուն Մասին

Օպամա եւ Քասթրօ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա պատմական այցելութեամբ կը գտնուի Քուպա: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Օպամա Քուպայի ղեկավարութեան հետ հանդիպումներէ ետք յայտարարած է Ուաշինկթընի եւ Հաւանայի յարաբերութիւններուն մէջ «նոր օր» սկսելու մասին: Վերջին գրեթէ 90 տարուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու Քուպա այցելած առաջին նախագահը հաւաստած է, որ իր երկիրը փոփոխութիւններ պիտի չպարտադրէ համայնավար երկրին, եւ անոր ճակատագիրը պէտք...

Փեթրուշեւ. «Խրիմի Քաղաքական  Կացութեան Ապակայունացման  Վտանգը Տակաւին Առկայ Է»

Փեթրուշեւ. «Խրիմի Քաղաքական Կացութեան Ապակայունացման Վտանգը Տակաւին Առկայ Է»

Նիքոլայ Փեթրուշեւ Ռուսիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Փեթրուշեւ յայտարարեց. «Խրիմի քաղաքական կացութեան ապակայունացման վտանգը տակաւին առկայ է»: Ան նշեց, որ Խրիմ դաշնակցային մարզի յարատեւ բարգաւաճումը առնչուած է ընկերային-քաղաքական կայունութեան երաշխաւորման, սակայն այդտեղի ընկերային-քաղաքական կացութեան ապակայունացման վտանգը տակաւին առկայ է: Փեթրուշեւ ըսաւ, որ ատիկա առնչուած է քաղաքական մարտահրաւէրներուն եւ Արեւմուտքին կողմէ կիրարկուող տնտեսական ճնշումին: «Գաղտնիք չէ, որ Քիեւի իշխանութիւնները...

«Էյչ Էնտ Էմ»-ի` Թափօններէ Ստեղծուած  Զգեստները Դարձած Են  Թանգարանային Նմուշներ

«Էյչ Էնտ Էմ»-ի` Թափօններէ Ստեղծուած Զգեստները Դարձած Են Թանգարանային Նմուշներ

  «Արմէնփրես»` յղում կատարելով «Լա Տեփեշ»-ին, կը հաղորդէ, որ «Էյչ էնտ Էմ»-ի հաւաքածոներէն հագուստի քանի մը մոտելներ դարձած են Փարիզի «Լեզ Ար Տեքորաթիֆ» արուեստի թանգարանի նմուշներ: Խօսքը կը վերաբերի «Քանշըս Էքսքլուզիւ» շարքին, որ ստեղծուած է վերամշակուած նիւթերէ: Հաւաքածոյին մէջ տեղ գտած հագուստը պիտի ներկայացուի նաեւ «Ֆեշըն Ըուարտ-Թրի Սենչըրիզ Ֆեշըն» ցուցահանդէսին մէջ: Բացի երեկոյեան հանդերձներէն, թանգարանին մէջ պիտի ցուցադրուին նաեւ յայտնի...

Թուրքիոյ Զբօսաշրջութեան Մարզի  Եկամուտները Շուրջ Կիսով Չափ Նուազած Են

Թուրքիոյ Զբօսաշրջութեան Մարզի Եկամուտները Շուրջ Կիսով Չափ Նուազած Են

«Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ռուսական «Սու-24» ռմբաձիգի թրքական օդուժին կողմէ վար առնուելէն ետք Անգարայի դէմ կիրարկուած ռուսական պատժամիջոցներուն պատճառով Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան մարզի եկամուտները շուրջ կիսով չափ նուազած են: Օրաթերթը կը նշէ, որ մինչ այդ Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան մարզը այն քիչերէն էր, որուն ցուցանիշները Թուրքիոյ տնտեսութեան աճի դանդաղելուն լոյսին տան վերջին տասնամեակին ընթացքին կը գտնուէին 5 առ հարիւրի...

Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն  Դուրս Գալու Կողմնակիցներու  Եւ Հակառակորդներու Թիւերը Հաւասարած Են

Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն Դուրս Գալու Կողմնակիցներու Եւ Հակառակորդներու Թիւերը Հաւասարած Են

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Թի.Էն.Էս.» ընկերութեան կողմէ հրապարակուած հարցախոյզին արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութեան կազմէն դուրս գալու կողմնակիցներուն եւ այդ քայլի հակառակորդներուն թիւերը հաւասարած են: Համացանցի ճամբով կատարուած հետազօտութեան տուեալները ցոյց կու տան, որ հարցախոյզի մասնակիցներուն 36 առ հարիւրը չեն ուզեր, որ Լոնտոն խզէ Պրիւքսէլի հետ իր յարաբերութիւնները: Այդ ցուցանիշը չէ փոխուած մէկ ամիս առաջ...

Page 794 of 882 1 … 793 794 795 … 882

Արխիւներ