
«Քոմերսանթ» կը գրէ, որ Հարաւային Օսեթիոյ հանրապետութեան ղեկավար Լէոնիտ Թիպիլով յայտնած է, որ շրջանը «կը սպասէ յարմար պահուն», որուն պարագային պիտի կարենայ մուտք գործել Ռուսիոյ կազմին մէջ:
Ըստ անոր, Ռուսիոյ իշխանութիւնները բազմիցս ըսած են, որ Հարաւային Օսեթիոյ հետ յարաբերութիւններու բնոյթը կ՛որոշէ հանրապետութեան ժողովուրդը: Թիպիլով նաեւ նշած է, որ Ռուսիոյ կազմին մէջ մուտք գործելու ցանկութեան պէս քայլերը պէտք է «մտածուին, հաշուարկուին եւ քննարկուին»: Ան աւելցուցած է, որ Մոսկուան տեղեակ է, որ այդ հարցին վերաբերեալ աշխատանք կը տարուի:
«Սակայն երբեմն որոշումներու կայացման համար անհրաժեշտ են որոշակի կարելիութիւններ կամ հանգամանքներ: Ոչ ոք կը մտածէր քանի մը տարի առաջ, որ Խրիմի մէջ հանրաքուէի կատարումը կարելի պիտի ըլլայ: Սակայն, երբ աստղերը յարմար դիրք ստացան Խրիմի եւ Ռուսիոյ ժողովուրդներուն համար, այդ որոշումը տրուեցաւ», յայտարարած է Թիպիլով:
Ան չէ բացառած, որ ատիկա կրնայ տեղի ունենալ նաեւ Հարաւային Օսեթիոյ հետ:


