Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսէլի Մէջ Ընթացք Առաւ Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա Համաձայնութեան Վաւերացման Քննարկման Վեհաժողովը

March 18, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

EU-Turkey_31716Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները երէկ Պրիւքսէլի մէջ իրենց երկօրեայ վեհաժողովին ընթացքին սկսան քննարկել գաղթականներու ճգնաժամին շուրջ Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա համաձայնութեան վաւերացման հարցը: Վերջնական որոշումը պիտի տրուի այսօր Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի` քննարկումներուն միանալէն ետք:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել ըսաւ, որ ինք կը հաւատայ, թէ համաձայնութիւն մը կարելի է, իսկ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք յայտնեց, որ ինք «աւելի զգուշաւոր է, քան լաւատես»` նշելով, որ բանակցութիւնները պիտի ըլլան դժուար, որովհետեւ որեւէ համաձայնութիւն պէտք է ընդունելի ըլլայ միութեան 28 անդամներէն իւրաքանչիւրին կողմէ եւ ամբողջական կերպով համապատասխանէ Եւրոպական Միութեան եւ միջազգային օրէնքին:

Կիպրոս սպառնացած է վեթոյի ենթարկել համաձայնութիւնը:

Լիթուանիոյ նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայթէ զգուշացուց, որ գաղթականները Թուրքիա վերադարձնելու ծրագիրը «միջազգային օրէնքի եզրին է» եւ դժուար գործադրելի:

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն ըսաւ, որ կարեւորը մաքսանենգերուն ծաղկող առեւտուրը արգելակելն է: Եւրոպական Միութեան մէջ Բրիտանիոյ իւրայատուկ կարգավիճակը շեշտելով` Քամերոն ըսաւ. «Մենք համաձայնութեան ծիրին մէջ Թուրքիոյ մուտքի արտօնագիրի դրութեան ջնջում պիտի չտրամադրենք»:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Թորնպիոռն Եակլանտ ողջունեց եւ զօրակցութիւն յայտնեց Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ համագործակցութիւնը զարգացնել շարունակելու համար յանձնաժողովին ճշդած սկզբունքներուն` յոյս յայտնելով, որ այդ սկզբունքները ընդունուին վեհաժողովին ընթացքին:

Մինչ այդ, սպանական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ կառավարութեան յանձնեցին Սպանիոյ 100 հազար քաղաքացիներու կողմէ ստորագրուած դիմում մը, որ Սպանիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ մերժելու Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա համաձայնութիւնը:

 

Նախորդը

Փութին. «Ռուսիան Կրնայ Անհրաժեշտութեան Պարագային Քանի Մը Ժամէն Իր Ուժերը Տեղակայել Սուրիոյ Մէջ»

Յաջորդը

Սուրիոյ Կառավարութիւնն Ու Ընդդիմութիւնը Կը Մերժեն. Քիւրտերը Հիւսիսային Սուրիոյ Ռոժաւա Դաշնակցային Մարզի Հաստատումը Հռչակեցին

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.