Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուէյտայի Մէջ Զինեալ Բախումներ 30 Զոհ Եւ 100 Վիրաւոր Կը Պատճառեն

Յուլիս 15, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Սուրիոյ հարաւը գտնուող Սուէյտայի մէջ զինեալ խմբաւորումներու միջեւ բախումները 30 զոհ եւ 100 վիրաւոր պատճառեցին»:

Նախարարութիւնը նաեւ նշեց. «Ապահովական ուժերը պիտի սկսին Սուէյտայի մէջ ուղղակի միջամտութիւն կատարելու` լուծելու համար տագնապը եւ դադրեցնելու բախումները»:

Ըստ «Սուէյտա 24»-ի, բախումները սկսած են Դամասկոսի ճամբուն վրայ Սուէյտա քաղաքի վաճառականներէն մէկը գողութեան ենթարկելով, որմէ ետք նահանգին մէջ տեղի ունեցած են տիւրզիներու եւ աշիրեթականներու միջեւ փոխադարձ առեւանգումներ, որոնք հետագային վերածուած են զինեալ բախումներու եւ ռմբակոծման:

Սուէյտայի նահանգապետ Մուսթաֆա Պաքուր կոչ ուղղեց «ինքնազսպում ցուցաբերելու, ողջախոհ ըլլալու եւ երկխօսութեան դիմելու»:

Ան գնահատեց տեղական եւ աշիրեթական կողմերու լարուածութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու ջանքերը` ընդգծելով, որ պետութիւնը քաղաքացիները պաշտպանելու առումով պիտի չտատամսի:

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ներքին գործոց նախարարութեան հետ համակարգուած կերպով սկսած է «մասնագիտացած զինուորական իր միաւորները» տեղակայել Սուէյտայի մէջ բախումներէն ազդուած շրջաններուն մէջ, քաղաքայիններուն ապահով անցքեր ապահովել եւ «բախումները արագօրէն ու վճռականութեամբ կասեցնել»:

Նախարարութիւնը նշեց, որ մեծ ցաւով ու մտահոգութեամբ հետեւած է անցնող երկու օրուան ընթացքին Սուէյտա նահանգին մէջ արիւնալի զարգացումներուն:

«Հաստատութենական բացը, որ բախումներուն զուգահեռ գոյութիւն ունէր, նպաստեց քաոսի եւ պետական, ապահովական կամ զինուորական հաստատութիւններուն կողմէ միջամտելու կարողութեան բացակայութեան, ինչ որ խանգարեց հանդարտեցման եւ ինքնազսպումի ջանքերը», նշեց Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, եւ Սուէյտայի մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` «գործակցելու մեր ուժերուն եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ, եւ ինքնազսպումին կառչելու»` ընդգծելով. «Մագլցումի շարունակումը քաղաքայիններուն տառապանքը կ՛աւելցնէ»:

Թաուհիտ Արապի կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ Սուրիոյ ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ամբաստանեց Սուէյտա նահանգի ծայրամասերուն վրայ աշիրեթներու յարձակումին օգնելու յանցանքով:

Ան զգուշացուց, որ այս ճնշումի շարունակումը նահանգը պիտի մղէ պաշտպանութիւն խնդրելու` շեշտելով, որ առաջնահերթութիւնը պէտք է թիրախաւորման դադրեցման համար պետութեան միջամտութիւնը ըլլայ:

Ուահապ նշեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է շէյխ Նաուաֆ Մըլհեմի հետ, որ տարիներէ ի վեր կ՛աշխատի Սուէյտայի բնակչութեան եւ աշիրեթներուն միջեւ խնդիրները լուծելու:

Զրոյցի ընթացքին շեշտուած է խնդիրը լուծելու եւ բախումները դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ շփման շրջաններուն մէջ ընդհանուր ապահովական ուժերու տեղակայման կարեւորութիւնը:

Ան ըսաւ, որ Սուէյտայի բնակիչներն ու աշիրեթները հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր հարազատներ ու դրացիներ են, եւ այս բոլոր տեղի ունեցածին կարիք չկայ:

Սուրիոյ մէջ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ Հիքմեթ Հըժրի վերահաստատեց «այն, ինչ որ նախկին հաղորդագրութիւններուն մէջ նշուեցաւ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի միջազգային շտապ պաշտպանութեան պահանջին` նկատի ունենալով կացութեան վտանգաւորութիւնը»:

Ան շեշտեց. «Որեւէ կողմի, ներառեալ ընդհանուր ապահովութեան ուժերու եւ Հայըաթ Թահրիր Շամի Սուէյտա մուտքը մերժելի է»:

Տիւրզիներու հոգեւոր պետը ըսաւ, որ նշեալ կողմերը պաշտպանելու պատրուակով Սուէյտայի վարչական սահմանին մէջ մուտք գործած են, սակայն ռմբակոծած են սահմանամերձ գիւղերը եւ ծանր զէնքերու եւ անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումով օգնած «հաւատադրժողական աւազակախումբերուն»:

Շէյխ Հըժրի վերահաստատեց «միջազգային անմիջական պաշտպանութեան պահանջը` խնայելու համար բնակիչներու եւ զաւակներու կեանքերը»:

Մինչ այդ, Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը սէուտական «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ զինեալներ առեւանգած են նախարարութեան ուժերու կարգ մը անդամներ, երբ անոնք կը փորձէին Սուէյտայի մէջ բախումները դադրեցնել:

Սուրիական լրատուամիջոցներ երէկ կէսօրին հաղորդեցին. «Իսրայէլեան պատերազմական օդանաւեր Սուէյտայի արեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ բախումներու շրջանին վերեւ «ջերմային փուչիկներ» կ՛արձակեն:

Իսրայէլեան բանակը երէկ կէսօրէ ետք յայտարարեց, թէ Սուէյտայի Սամիհ գիւղի շրջանին մէջ յարձակում գործած է շարք մը հրասայլերու վրայ:

Իսրայէլի մէջ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ Մուաֆաք Թարիֆ յայտնեց. «Սուէյտա շրջանն ու անոր գիւղերը վերջին 24 ժամուան ընթացքին յարձակումներու եւ ներթափանցումներու կ՛ենթարկուին ահաբեկչական աւազակախումբերու կողմէ, որոնք երկրին վրայ փտածութիւն, սպանութիւն եւ աւեր կը գործեն»:

Ան Սուրիոյ վրայ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր պետութիւններուն եւ մարմիններուն կոչ ուղղեց` միջամտելու նախքան ուշ ըլլալը` արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար»:

«Մենք ալ մեր կողմէն, ամէն ձեւով, ճամբով ու յարաբերութիւններով աշխատանք կը տանինք Սուրիոյ մէջ մեր եղբայրներուն իրենց ներկայ դժուարութեան մէջ թիկունք կանգնելու», շեշտեց Իսրայէլի մէջ տիւրզիներու հոգեւոր պետը:

«Սուրիացի ժողովուրդը իր բոլոր բաղադրիչ մասերով այս դժուար օրերուն մէջ պէտք է իր խօսքը ըսէ, եւ ահաբեկչութեան դէմ կանգնի», ըսաւ շէյխ Թարիֆ:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է սուրիական պետութեան հովանաւորութեամբ հասնիլ խաղաղ լուծումի մը, որ կ՛երաշխաւորէ Սուրիոյ ամբողջ տարածքին կայունութիւնը, անվտանգութիւնն ու քաղաքացիական խաղաղութիւնը` մասնակցութեամբ սուրիացի ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչ մասերուն եւ սուրիական պետութեան հետ գործակցութեամբ:

Կուսակցութիւնը կտրուկ կերպով մերժեց միջազգային պաշտպանութեան ապահովման բոլոր կոչերը, որ կողմէն ալ անոնք հնչեց, եւ շեշտեց, թէ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը բացառապէս Սուրիոյ պետութեան ուսերուն է:

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը «Ժազիրա»-ին յայտնեց, թէ լրջօրէն տրամադրուած է Սուէյտայի մէջ ապահովութեան հաստատման եւ օրինազանցները զինաթափելու նկատմամբ:

Նախարարութիւնը նաեւ յայտարարեց, թէ պատրաստակամ է քաղաքացիական խաղաղութեան ամրապնդման ձգտող որեւէ նախաձեռնութեան աջակցելու:

 

Նախորդը

Թրամփ Փութինին Ուքրանիոյ Պատերազմը Դադրեցնելու 50 Օրուան Պայմանաժամ Կը Ճշդէ

Յաջորդը

Թրամփ. «Կազայի Շուրջ Մեր Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Կը Յուսանք Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Բանի Մը Հասնիլ»

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?