Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Եւրոպական կարգ մը պետութիւններու Իսրայէլի թշնամական արարքներուն զօրակցող կեցուածքները շրջանային եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ անապահովութեան յաւելումի կ՛առաջնորդեն»:
«Կազայի մէջ ցեղասպանութեան, Սուրիոյ եւ Լիբանանի վրայ յարձակումներու շարունակութիւնը Իսրայէլի անպատիժ մնալուն հետեւանքներն են», նշեց Արաղչի:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտարարեց. «Նոր բանակցութիւնները կարելի է վարել այն ժամանակ միայն, երբ միւս կողմը պատրաստ է արդար եւ հաւասարակշիռ հիւլէական համաձայնութեան»: