Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ մտադիր են Ուքրանիա ուղարկել յաւելեալ զէնքեր, որոնք կը ներառեն «Փաթրիոթ» համակարգերու հրթիռներ, եւ անոնց գինը Եւրոպական Միութիւնը պիտի վճարէ»:
«Անոնց զինուորական արդիական սարքերու տարբեր տեսակներ պիտի ուղարկենք, եւ անոնց գինը ամբողջութեամբ պիտի վճարեն», աւելցուց ան:
Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ յոյս յայտնեց յառաջիկայ շաբաթ Կազայի շուրջ համաձայնութեան հասնելու:
«Կազայի հարցով մեր բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ կը յուսանք յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին բանի մը հասնիլ, տեսնենք ի՛նչ պիտի պատահի», նշեց Թրամփ:
Հունգարիան Պիտի Չֆինանսաւորէ
Միացեալ Նահանգներու Կողմէ
Զէնքերու Մատակարարումները
Հունգարիան պիտի չֆինանսաւորէ Ուքրանիոյ համար ամերիկեան զէնքի գնումը, եթէ Միացեալ Նահանգներ պաշտօնապէս նման առաջարկով դիմեն Եւրոպական Միութեան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այս մասին յայտարարած է Հունգարիոյ արտաքին գործոց եւ արտաքին տնտեսական կապերու նախարար Փեթեր Սիարթօ` մեկնաբանելով Ուաշինկթընի կողմէ Քիեւին զինուորական օժանդակութեան հաւանական վերսկսման մասին հաղորդումները:
«Ես պիտի ուզէի ընդգծել, որ հունգարական դրամը, հունգարական զէնքը եւ հունգար զինուորները պիտի չուղարկուին Ուքրանիա: Այնտեղ ոչինչ պիտի ուղարկուի», ըսած է Սիարթօ` Պուտափեշթի մէջ Մարոքի արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռիատ Մեզուրի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Սիարթօ միեւնոյն ժամանակ վստահութիւն յայտնած է, թէ Ուքրանիոյ ամերիկեան զէնքի մատակարարման հաւանական վերսկսումը չի նշանակեր, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը հրաժարի շարունակել տագնապը լուծելու ջանքերը:
«Կրնամ միայն ըսել, որ ոչ ոք այնքան շատ բան ըրած է Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար, որքան Թրամփը: Եւ եթէ եւրոպացի եւ ուքրանացի ղեկավարները վերջին ամիսներուն չխանգարէին Տանըլտ Թրամփին, ապա այդ խաղաղութեան ջանքերը կրնային շատ աւելի յաջող ըլլալ», նշած է նախարարը:
Ան յոյս յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը պիտի շարունակէ Ուքրանիոյ տագնապի լուծման քայլերը: Այս առնչութեամբ Սիարթօ «յուսադրող նորութիւն» կոչած է 10 յուլիսին Քուալա Լամփուրի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի բանակցութիւնները:
«Ատիկա լաւ նշան է: Ես անկեղծօրէն յոյս ունիմ, որ խաղաղութեան ջանքերը պիտի շարունակուին: Ես համոզուած եմ, որ խաղաղութեան հաստատումը մեր շահերէն կը բխի», նշած է հունգարական դիւանագիտութեան պետը: