Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութեան սրման հիմնական արդիւնքը այն է, որ Մոսկուայի մէջ վերջապէս գիտակցած են, թէ Պաքուն այն չէ, ինչ որ կը ներկայացնէր ինքզինք: Այս մասին ռուսական «Լենթա» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Տումայի ԱՊՀ-ի հարցերու յանձնախումբի առաջին փոխնախագահ Քոնսթանթին Զաթուլին:
«Այս մագլցումի հետեւանքները կրնան տարբեր ըլլալ: Սակայն գլխաւոր արդիւնքը, որ շատոնց պէտք էր արձանագրուէր, այն է, թէ Ռուսիոյ մէջ վերջապէս հասկցան, թէ Ազրպէյճանը այն չէ, ինչ որ կը փորձէր ցուրադրել: Երկար ժամանակ մեզի կը խաբէին ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցութեան խօսքերով: Մենք ատոր բարեհաճ կը վերաբերէինք», նշած է երեսփոխանը:
Զաթուլինի համաձայն, այսօր Ազրպէյճանը այլեւս չունի անհրաժեշտութիւնը ինքզինք իբրեւ Ռուսիոյ մտերիմ դաշնակից ներկայացնելու: «Անոնք կը կարծեն, թէ Ռուսիան չափազանց ներգրաւուած է Ուքրանիոյ իրադարձութիւններուն եւ Արեւմուտքի հետ տագնապին մէջ, որպէսզի լուրջ արձագանգէ Ազրպէյճանի այն քայլերուն, որոնք կը հակասեն մեր ազգային շահերուն», ըսած է ան:
Զաթուլին նաեւ ընդգծած է, թէ Պաքու կը ձգտի, Երեւանի վրայ ճնշում գործադրելով, հասնիլ իր նպատակներուն` խախտելով նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:
Օրինակ, ըստ անոր, «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման պարագային անիկա պէտք էր գտնուէր ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ, սակայն այսօր այդ համաձայնութիւնը դիտաւորեալ կերպով կ՛անտեսուի:
«Անոնք կը ձգտին կացութիւնը սրել, որպէսզի Ռուսիայէն արտօնութիւն չխնդրեն, ինչպէս կ՛ընէ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանը, որ չի ծածկեր ռազմավարական այդ ճամբան ամերիկացիներու վերահսկողութեան տալու իր մտադրութիւնը», աւելցուցած է Զաթուլին:
Բացի ատկէ, ռուս երեսփոխանը յայտարարած է, թէ Ազրպէյճան իր քայլերը կը կատարէ Թուրքիոյ աջակցութեամբ:
«Կարելի է միայն քննարկել, թէ անոնք որքանո՛վ զուտ ազրպէյճանական ծրագիրներ են, եւ որքանո՛վ` արդէն թրքական: Թուրքիան, ի վերջոյ, ՕԹԱՆ-ի անդամ է եւ անկէ դուրս գալու ցանկութիւն չունի: Եթէ մենք այսքան ուշադիր ենք, որ ՕԹԱՆ-ը չյայտնուի Ուքրանիոյ մէջ, ապա ինչո՞ւ մինչեւ օրս աչք փակած ենք այն փաստին վրայ, թէ Թուրքիան կ՛ամրապնդուի նախկին խորհրդային Կովկասի մէջ», եզրափակած է Զաթուլին: