Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուն Ռուսիոյ Դէմ Միջազգային Դատարան Պիտի Դիմէ

July 22, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան կը պատրաստուի միջազգային դատարան դիմելու` անցեալ տարեվերջին ջախջախուած օդանաւի հարցով: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` կրկին ընդգծելով, թէ օդանաւային արկածին պատասխանատուն Ռուսիան է:

Ալիեւ արձագանգելով Ստեփանակերտի մէջ լրատուամիջոցներու համախմբումի մասնակիցներէն մէկուն պնդած է, թէ Ազրպէյճան այս ողբերգութիւնը պիտի չմոռնայ, քանի դեռ «մեղաւորները չեն ընդունած իրենց մեղքը, չեն պատժած պատասխանատուները եւ փոխհատուցում չեն վճարած զոհերու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն եւ ԱԶԱԼ-ին` օդանաւի կորուստին համար»:

«Օդանաւին մէջ երկու մարդիկ կային, որոնք բեկորային վնասուածքներ ստացած էին: Հետեւաբար, այն միտքը, թէ օդանաւը կրնար խոցուիլ ուքրանական անօդաչու թռչող սարքէ, բացարձակապէս ծիծաղելի է», յայտարարած է Ալիեւ` աւելցնելով. «Մենք գիտենք, թէ ի՛նչ պատահած է` Ռուսիոյ օդային տարածքը չէ փակուած: Անիկա փակուած է օդանաւի խոցումէն քանի մը վայրկեան ետք»:

Ալիեւ պնդած է, թէ Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազը պարբերաբար նամակներ կ՛ուղարկէ Ռուսիոյ քննչական կոմիտէի ղեկավարին, վերջինս, սակայն, կը պատասխանէ, թէ «տակաւին հետաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ»:

«Մենք պիտի սպասենք այդ հետաքննութեան աւարտին», յայտարարած է Ալիեւ` զգուշացնելով, որ ամէն պարագայի, որքան ալ ռուսական կողմը երկարաձգէ պատասխանը, Պաքուի այս միջադէպի մասին պիտի չմոռնայ:

«Մենք գիտենք, որ միջազգային քննութիւնը կրնայ ժամանակ պահանջել: Մալեզիական «Պոյինկ»-ի դէպքը աւելի քան 10 տարի տեւեց, ուստի մենք 10 տարի պիտի սպասենք: Արդարութիւնը պէտք է յաղթէ», ըսած է Ալիեւ` աւելցնելով, որ «այս անորոշ իրավիճակը» չի նպաստեր Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն:

Նախորդը

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Սպիտակ Տունը Մտահոգուած Է Նեթանիահուի Ապակառուցողական Գործողութիւններով

Յաջորդը

Ուրբաթ Օր Պոլսոյ Մէջ Իրան-Եւրոպական Եռեակ Բանակցութիւններ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.