Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուէյտայի Մէջ Զինադադարի Ամրապնդման Կարելիութիւններուն Շուրջ Եռակողմ Հանդիպում

July 21, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի եւ Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք շաբաթ օր Ամմանի մէջ գումարեցին ժողով մը` քննարկելու համար Սուրիոյ մէջ զինադադարի ամրապնդման կարելիութիւները: Այս մասին հաղորդեց Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, թէ Սաֆատին, Շիպանին եւ Պարրաքը «համաձայնեցան Սուրիոյ աջակցելու գործնական քայլերու շուրջ, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ Սուրիոյ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը, կը պաշտպանէ քաղաքայինները եւ կ՛երաշխաւորէ Սուրիոյ բոլոր հողերուն վրայ պետութեան եւ օրէնքի գերիշխանութիւնը»:

Հաղորդագրութեան համաձայն, գործնական քայլերը կը ներառեն զինադադարի ամրապնդման, Սուէյտա նահանգին մէջ սուրիական ապահովական ուժերու տեղակայման, բոլոր կողմերուն մօտ գտնուող կալանաւորուածները ազատ արձակելու, նահանգին մէջ ընկերային հաշտութեան, քաղաքացիական խաղաղութեան ամրապնդման եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու հասանելիութեան առնչուող նիւթեր:

Սաֆատի եւ Պարրաք հանդիպումի ընթացքին զօրակցութիւն յայտնած են զինադադարի համաձայնութեան եւ զայն գործադրելու սուրիական կառավարութեան ջանքերուն` շեշտելով, որ Յորդանանն ու Միացեալ Նահանգները ամբողջական կերպով կը զօրակցին Սուրիոյ, անոր անվտանգութեան, կայունութեան, գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան, անոր քաղաքացիներուն անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ ընդգծած են, որ իրենք Սուրիոյ կողքին կը կանգնին:

Սաֆատի եւ Պարրաք ողջունած են սուրիական կառավարութեան Սուէյտա նահանգին մէջ սուրիացի քաղաքացիներու դէմ ոտնձգութիւններու բոլոր հեղինակները հաշուետուութեան ենթարկելու, բռնութիւնը, համայնքայնութիւնը, սադրանքի, հրապարակման եւ ատելութեան սփռման փորձերը մերժելու ջանքերուն աջակցելու նկատմամբ յանձնառութիւնը:

Շիպանի իր կարգին գնահատեց Յորդանանի թագաւորութեան եւ Միացեալ Նահանգներու զինադադարի գոյացման, զայն գործադրելու, Սուրիոյ անվտանգութեան ու կայունութեան եւ անոր քաղաքացիներու ապահովութեան երաշխաւորման ջանքերը:

Նախքան այդ, Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի հետ երկկողմանի հանդիպումի ընթացքին դատապարտեց Սուրիոյ վրայ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումները եւ անոր ներքին հարցերուն միջամտութիւնը` զայն նկատելով միջազգային օրէնքի եւ Սուրիոյ գերիշխանութեան խախտում մը, որ կը վտանգէ անոր կայունութիւնը, հողային ամբողջականութիւնն ու քաղաքացիներու ապահովութիւնը:

Սաֆատի գովաբանեց զինադադարի հաստատման, Սուրիոյ անվտանգութեան ու կայունութեան եւ անոր քաղաքացիներու ապահովութեան երաշխաւորման մէջ Միացեալ Նահանգներու հիմնական դերակատարութիւնը` ընդգծելով այդ առումով Միացեալ Նահանգներու հետ գործընկերութեան ու գործակցութեան շարունակութիւնը:

Միւս կողմէ, ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցնելու որոշումը սկզբունքային քայլ մըն է, որ սուրիացի ժողովուրդին առիթ ընծայեց դուրս գալու տարիներու բացայայտ տառապանքներէն եւ արհաւիրքէն»` նշելով. «Միջազգային ընտանիքը նորակազմ սուրիական կառավարութեան լայն աջակցութիւն ցուցաբերեց եւ զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը հետեւի ցաւի ժառանգութենէն դէպի յոյսով լեցուն ապագայ փոխանցման անոր ջանքերուն»:

Ամերիկացի պատուիրակը շեշտեց, որ այս փխրուն ձգտումը վտանգուած է գետնի վրայ իրարու հետ կռուող խմբաւորումներու կողմէ գործուած ահաւոր արարքներուն ստեղծած խոր ցնցումին լոյսին տակ, ինչ որ կ՛ականահարէ կառավարութեան իշխանութիւնը եւ կը խանգարէ կայունութեան որեւէ երեւոյթ:

Պարաք յայտնեց, որ բոլոր խմբաւորումները պէտք է անմիջապէս իրենց զէնքերը վար դնեն, թշնամական արարքները դադրեցնեն եւ վերջ տան ցեղախմբային վրէժխնդրութեան ոլորապտոյտին:

Ան շեշտեց, որ Սուրիան վճռորոշ խաչմերուկի վրայ է, ուր պէտք է խաղաղութիւնն ու երկխօսութիւնը հիմա տիրէ եւ ոչ թէ` յետոյ:

 

Նախորդը

Քալիպաֆ. «Դամասկոսի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումին Լոյսին Տակ Կը Շեշտենք, Թէ Իրան Միշտ Սուրիացի Ժողովուրդին Կողքին Կը Կանգնի»

Յաջորդը

Իրան-Եւրոպական Եռեակ Այս Շաբաթ Հիւլէական Բանակցութիւննե՞ր

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.