Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտարարեց. «Դամասկոսի վրայ իսրայէլեան յարձակումին լոյսին տակ կը շեշտենք, թէ Իրան միշտ սուրիացի ժողովուրդին կողքին կը կանգնի»:
«Սիոնական գոյացութիւնը շրջանին մէջ ամէն տեսակի խաղաղութեան, կայունութեան ու ազգային գերիշխանութեան թշնամին է, եւ միայն ուժի լեզուէն կը հասկնայ», նշեց Քալիպաֆ:
Իրանի խորհրդարանի նախագահը ըսաւ. «Անցնող ամիսներուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ պաշտպանական կառոյցներու ռմբակոծումը, Դամասկոսի վրայ յարձակումը, բռնագրաւումը, սպառնալիքները եւ Սուրիան մասնատելու բացայայտ փորձերը յստակ իրականութիւն էին այն միամիտներուն համար, որոնք կարծեցին, թէ այս կատղած շան կամքին ենթարկուիլը խաղաղութիւն եւ կայունութիւն պիտի բերէ»:
«Այսօր ժամանակն է, որ իսլամական պետութիւնները յանդգնին իսլամական ազգին աջակցութեամբ դէմ դնել այս գոյացութեան, եւ ստիպել, որ ան նահանջէ», աւելցուց Իրանի խորհրդարանի նախագահը: