Իսրայէլեան բանակը հարաւային Սուրիոյ իր բռնագրաւած հողերուն մէջ լայնածաւալ գործողութիւն մը կը ծրագրէ` այս շրջանէն 7 հոկտեմբերին Համասի կողմէ շղթայազերծուածին նման բռնագրաւուած Կոլանի բարձունքին վրայ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու, իսրայէլեան բանակի դիրքերու եւ պարեկութիւն կատարող ուժերու դէմ «համաշխարհային ժիհատի գործիչներու եւ պետեւիներու կողմէ» յարձակումներու շղթայազերծման հաւանականութեան պատճառով:
Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը նշեց, թէ իսրայէլեան բանակին մէջ հետզհետէ կը մեծնայ վախը Իսրայէլի անցեալ դեկտեմբերէն Կոլանի մէջ բռնագրաւած շրջան իրանեան բջիջներու ներթափանցման փորձերու նկատմամբ, ներառեալ օգտագործելով «փիք ափ» մեքենաներ, որոնք նման են նախապէս Սուրիոյ նախկին վարչակարգին վրայ յարձակումի համար օգտագործուած ձեւին:
Ըստ հաղորդումներու իսրայէլեան բանակի տեղեկահաւաքի բաժանմունքը` Ամանը եւ գործակալներու գործարկման թիւ 504 միաւորը վերջերս այս շրջանին մէջ իրենց գործունէութիւնը աշխուժացուցած են սուրիական գիւղերու մէջ կատարելով ձերբակալութիւններ, որոնցմէ քանի մը հատը լրատուամիջոցներու կողմէ հրապարակուեցան:
Իսրայէլացի բարձրաստիճան սպայ մը «Ուալլա»-ին յայտնած է. «Վերջին շրջանին տեղի ունեցած մեծաթիւ ձերբակալութիւնները իսրայէլեան բանակին օգնած են պատկերացում ունենալ ահաբեկչական բջիջներու կացութեան մասին», եւ իսրայէլեան բանակի հիւսիսային հրամանատարութիւնը այդ հիմամբ մարզումներ կատարած է: