Պրազիլի ծերակոյտը սկսան երկրի նախագահ Տելմա Ռուսեֆի` պիւտճէի օրէնքները խախտելու մեղադրանքով պաշտօնազրկման հարցով լսումները: Վերջինս այժմ դադրած է վարելէ նախագահի պաշտօնը` սպասելով պաշտօնազրկման միջոցառումներու արդիւնքին:
Երկրի գերագոյն դատարանի նախագահ Ռիքարտօ Լիուանտոյսքիի նախագահութեամբ երէկուան նիստը յատկացուած էր վկաներու ունկնդրութեան:
Պրազիլի նախագահի պաշտօնը ստանձնած առաջին կինը` Տելմա Ռուսեֆ, երկուշաբթի օր պիտի կանգնի 81 անդամներէ բաղկացած ծերակոյտին առջեւ` ինքզինք պաշտպանելու համար, սակայն անոր ընդդիմախօսները վստահ են, որ զինք դատապարտելու համար անհրաժեշտ 45 ձայներէն աւելին ապահոված են:
Պրազիլական իշխանութիւնները Ծերակոյտի շէնքին առջեւ ցոյցերը հակակշիռի տակ պահելու համար անցարգելներ հաստատեցին, սակայն Ռուսեֆի համակիրներէն ոչ ոք փողոց դուրս եկաւ, ինչ որ անոր մեկուսացման տարողութեան ցուցանիշ մը կարելի է նկատել:
Եթէ երեքշաբթի ուշ գիշերին կամ չորեքշաբթի կանուխ առաւօտուն տեղի ունենալիք քուէարկութեան արդիւնքը Ռուսեֆի դէմ ըլլայ, ապա նախագահի պաշտօնը պիտի ստանձնէ փոխնախագահ Միշել Թամեր եւ պիտի ամբողջացնէ մինչեւ 2018 երկարող Ռուսեֆի նախագահական նստաշրջանի մնացեալ ժամանակը, ինչ որ վերջ կու տայ ձախակողմեան Աշխատաւորական կուսակցութեան 13-ամեայ իշխանութեան: