Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Յաւելեալ Հրասայլեր Մուտք Գործեցին Սուրիա, Իսկ Քրտական Ուժերը Նահանջեցին Եփրատի Արեւելեան Ափ

August 26, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Jarablos_82516

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք յայտնեց, որ թրքական ուժերը պիտի շարունակեն մնալ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, մինչեւ որ Սուրիական ազատ բանակը իր վերահսկողութեան տակ առնէ շրջանը:

«Ժարապլոսի գործողութեան սկիզբէն առաջ Դամասկոսի հետ այդ առնչութեամբ հաղորդակցութիւններ չեղան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Անգարա տեղեակ պահած է Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը:

Մինչ այդ, թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնեց, որ թրքական քսան յաւելեալ հրասայլեր մուտք գործած են Սուրիա` նշելով, որ եթէ պէտք ըլլայ այլ հրասայլեր եւս պիտի հետեւին անոնց: Ականատեսներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ թրքական հրասայլեր սահմանամերձ Քըրքմիշ գիւղին մօտ գտնուող վայրէ մը մուտք գործած են սուրիական հողեր:

Մինչ թրքական ուժերը կը շարունակեն ռմբակոծել Մընպեժի արեւմուտքը գտնուող քրտական ուժերը, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուին յայտնած է, որ սուրիացի քիւրտ զինեալները սկսած են նահանջել դէպի Եփրատի արեւելեան ափը:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ժարապլոսի հարաւը գտնուող Այն Պայտա եւ Ամառնէ գիւղերուն մէջ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն եւ Սուրիական ազատ բանակին միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնեց, որ ամերիկեան եւ թրքական իշխանութիւնները «Եփրատի վահան» գործողութենէն անմիջապէս առաջ հիւսիսարեւմտեան Սուրիայէն զինեալներ զինուորագրած են եւ զանոնք փոխադրած Ժարապլոսի մօտ գտնուող թրքական տարածք մը:

Պաշտօնատարը աւելցուց, որ ամերիկեան օդուժի աջակցութեան կողքին` սահմանին թրքական կողմը տեղակայուած են ամերիկեան մասնայատուկ ուժեր:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ թրքական «Հապերթիւրք», «Շօ Թի.Վի.» եւ «Պլումպերկ ՀԹ» պատկերասփիւռի կայաններէն ուղիղ սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Թուրքիան Սուրիա ներխուժեց քիւրտերը Եփրատի ձախ ափ վերադարձնելու համար»:

Ան նշեց, որ Թուրքիոյ գործողութիւնները ուղղուած չեն Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն, եւ իր երկրին առաջնային նպատակը տարածքը քրտական ուժերէն եւ ՏԱՀԵՇ-էն մաքրելն է:

«Մենք աչք չունինք Սուրիոյ հողերուն վրայ: Ազատագրուած տարածքներուն մէջ պիտի ապրին սուրիացիները: Մեր նպատակն է պայքարիլ ՏԱՀԵՇ-ի եւ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ու Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ եւ կառուցել այնպիսի Սուրիա, ուր միասին պիտի ապրին բոլորը` արաբները, քիւրտերը, ալեւիները… Այժմ Սուրիական ազատ բանակի զինեալները մուտք գործած են Ժարապլոսի գիւղեր եւ այդտեղ հաստատած իրենց վերահսկողութիւնը: Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնն ու Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները պէտք է մաքրուին բոլոր կարեւոր կէտերէն, ներառեալ Ժարապլոսը», ըսաւ ան:

Եըլտըրըմ նաեւ բացայայտ կերպով մեղադրեց մեծ տէրութիւնները` փորձելով յառաջացած խնդիրին մէջ Թուրքիան ներկայացնել իբրեւ զոհ: «Կ՛ըսեն. «Եկէ՛ք միասին լուծում գտնենք այս հարցին»: Սակայն երբ կարգը կը հասնի շօշափելի գործողութիւններուն` բոլորը ետ կը քաշուին: Այս խնդիրին մէջ կայ բոլոր երկիրներուն մեղքը, սակայն կը վճարեն միայն Թուրքիան եւ պատերազմի պատճառով տեղահան դարձած խաղաղ բնակիչները: Մեր սահմանային հատուածին մէջ իրավիճակը հասած էր ճգնաժամային վիճակի: Ատոր հետ կապուած` տուինք այս որոշումը: Ճօ Պայտընի ու Մասուտ Պարզանիի այցելութիւնը այս բոլորին հետ կապելը չափազանց անմիտ մեկնաբանութիւն է», ըսած է ան:

 

 

Նախորդը

«Սուրիոյ Հիւսիսը Ապահով Շրջան Ստեղծելէ Զատ Այլ Լուծում Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Չելիք

Յաջորդը

Իրանեան Չորս Մարտանաւեր Ամերիկեան Մարտանաւի Ճամբան Փակեցին

RelatedPosts

Հուսի Պաշտօնատար Մը Եգիպտոսի` Սէուտական  Արաբիոյ Պաշտպանական Աջակցութիւն Տրամադրելու  Որոշումը «Պատերազմի Հռչակում» Կ՛որակէ
Միջազգային

Հուսի Պաշտօնատար Մը Եգիպտոսի` Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանական Աջակցութիւն Տրամադրելու Որոշումը «Պատերազմի Հռչակում» Կ՛որակէ

October 30, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.