Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Շղթայազերծած Գործողութեան Առաջինը Արձագանգած Երկիրները

August 29, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

cavusoglu_82816

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Սուրիոյ մէջ թրքական բանակին շղթայազերծած գործողութենէն ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հեռաձայնը չէ դադրած հնչելէ:

Զինուորական գործողութեան սկսելէն ետք, Չաւուշօղլուին առաջինը հեռաձայնած են Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Կարսիա Մարկալիոն եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ժոնսընը: Երկու երկիրներն ալ իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Թուրքիոյ:

Յաջորդ օր Չաւուշօղլուի հետ հեռաձայնով զրուցած են անոր ամերիկացի եւ ֆրանսացի գործընկերները` Ճոն Քերրին եւ Ժան Մարկ Էյրոն: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը նախ ցաւակցած է Չաւուշօղլուին` Թուրքիոյ մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումներուն առնչութեամբ, եւ յայտնած, որ Ֆրանսա պատրաստ է համագործակցելու Թուրքիոյ հետ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ:

Չաւուշօղլուի հետ զրուցած են նաեւ Սլովաքիոյ, Ռումանիոյ եւ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարները:

Թուրքիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպան Ամիրա Օրոն իր կարգին «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Իսրայէլ կը զօրակցի Թուրքիոյ` Սուրիոյ տարածքին մէջ իրականացուող գործողութիւններու հարցին մէջ:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ 28-29 օգոստոսին Անգարա պիտի այցելէ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Պերթ Քունտերս: Կը նախատեսուի, որ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուի Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձը եւ ատկէ ետք երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Չաւուշօղլուի հետ հանդիպում պիտի ունենայ Չինաստանի մէջ գումարուելիք Քսաններու վեհաժողովէն մէկ օր առաջ:

 

 

Նախորդը

«Ազրպէյճան Կարելին Կ՛ընէ Երկրին Մէջ Կիւլենականներու Գործունէութիւնը Կասեցնելու Համար» Կ՛ըսէ Հասանով

Յաջորդը

Կիպրոս Կը Վերամիանա՞յ Այս Տարեվերջին Սեմին

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.