
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց. «Սուրիոյ Հասաքէ քաղաքին մէջ բախումներու մագլցումը մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ»:
«Թուրքիոյ բոլոր յայտարարութիւնները, մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ անոր գործողութեան վերաբերող յայտարարութիւնները նկատի կ՛ունենանք», նշեց ան:
«Ահաբեկչութիւնը թիրախ դարձնող գործողութիւնները պիտի նպաստեն սուրիական տագնապին լուծման», ըսաւ Զախարովա:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշեց, որ Թեհրանի հետ յարաբերութիւնները լաւ են, «հակառակ կարգ մը իրանցի պաշտօնատարներու յայտարարութիւններուն»:
Նշենք, որ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ բանակի սպայակոյտի պետ Վալերի Կերասիմով վաղը կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Անգարայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ իր թուրք պաշտօնակից Հուլուսի Աքարի հետ:


