Ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» ամսագիրը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա ընդունած է, որ մինչեւ օրս Միացեալ Նահանգներու չէ ներկայացուցած ապացոյցներ, թէ ընդդիմադիր իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլեն առնչուած է 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումի փորձին:
Ամսագիրը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչ Նաճի Այիտան Քարամանօղլու յայտնած է. «Յեղաշրջումի փորձին հետ Կիւլենի կապին ապացոյցները պիտի ներկայացուին, երբ ժամանակը գայ»:
«Կարելի չէ այդպիսի տիպի ապացոյցներ ուղարկել յեղաշրջումի փորձէն ընդամէնը քանի մը օր ետք», նշած է ան:
Դիւանագիտական ներկայացուցչութեան մէջ նաեւ պարզաբանած են, որ Անգարա Կիւլենի արտայանձնումի պահանջ ներկայացուցած էր նախքան 15 յուլիսի յեղաշրջումը:
Յիշեցնենք, որ 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած էր զինուորական յեղաշրջումի փորձ. ատոր յաջորդած են ձերբակալութիւններ երկրի զինեալ ուժերուն եւ այլ կառոյցներու մէջ, փակուած են բազմաթիւ թերթեր, կազմակերպութիւններ, կեդրոններ, երկրին մէջ յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն:
Յեղաշրջումի փորձին համար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը մեղադրէ «Հիզմեթ» կրօնական շարժումի հիմնադիր եւ իր հակառակորդ Ֆեթհուլլա Կիւլենը, որ ներկայիս կը բնակի Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվենիա նահանգին մէջ: