Թուրքիոյ քրտաբնակ Շըռնաք նահանգի Ճիզրէ քաղաքին մէջ ականահարուած է ոստիկանութեան շէնքը, որ ամբողջութեամբ քանդուած է:
Պայթուցիկներով բեռնաւորուած ինքնաշարժը պայթած է ոստիկանութեան շէնքէն 50 մեթր հեռաւորութեան վրայ` հսկիչ-անցագրային կէտի մը մօտ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ճիզրէի պայթումին պատճառով սպաննուած է 9 ոստիկան: Արձանագրուած են 64 վիրաւորներ, որոնց շարքին կան նաեւ քաղաքայիններ: Վիրաւորներէն երկուքին վիճակը կը գնահատուի ծայրայեղ ծանր:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, ականահարումը ամենայն հաւանականութեամբ գործած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ):
«Պիրկիւն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ իշխանութիւնները լրագրողներուն արգիլած են լուսաբանել Ճիզրէի մէջ տեղի ունեցած ականահարումը: Այսպիսով` ոստիկանները իրաւունք պիտի ունենան խոչընդոտելու դէպքին վայրը գտնուող լրագրողներուն աշխատանքը: