Միջազգային

Նախագահ Ընտրուելու Պարագային Թրամփ  Մտադիր Է «Շատ Լաւ» Յարաբերութիւններ  Ստեղծել Ռուսիոյ Հետ

Նախագահ Ընտրուելու Պարագային Թրամփ Մտադիր Է «Շատ Լաւ» Յարաբերութիւններ Ստեղծել Ռուսիոյ Հետ

«Կազեթա.ռու» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփ «Էն.Պի.Սի.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանէն յայտնած է, որ նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի աշխատի Ռուսիոյ եւ այդ երկրի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու ուղղութեամբ: «Ես կ՛ակնկալեմ, որ մենք շատ-շատ լաւ յարաբերութիւններ պիտի ունենանք Ռուսիոյ եւ Փութինի հետ: Կը կարծեմ, որ ես կրնամ անոնց հետ «լեզու գտնել», աղբիւրը կը մէջբերէ թեկնածուին...

Քոնկրեսին Որդեգրած Բանաձեւը  Կոչ Կ՛ուղղէ Զէնք Մատակարարելու Վրաստանին

Քոնկրեսին Որդեգրած Բանաձեւը Կոչ Կ՛ուղղէ Զէնք Մատակարարելու Վրաստանին

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հանրապետականներու խմբակցութեան կայքը կը հաղորդէ, որ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը 8 սեպտեմբերին որդեգրած է թիւ 660 բանաձեւը, որ կոչ կ՛ուղղէ «պաշտպանուելու կարելիութիւններ» տրամադրելու Վրաստանին: Բանաձեւը որդեգրուած է 410 թեր եւ 6 դէմ քուէներով: Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ նախագահին «տէ ժիւրէ կամ տէ ֆաքթօ» չճանչնալու Ռուսիոյ գերիշխանութիւնը Աբխազիոյ ու Հարաւային Օսեթիոյ վրայ եւ պաշտպանելու Վրաստանի...

Ֆրանսացիներուն Միայն 11 Առ Հարիւրը  Պատրաստ Է Քուէարկելու Հոլանտի Օգտին

Ֆրանսացիներուն Միայն 11 Առ Հարիւրը Պատրաստ Է Քուէարկելու Հոլանտի Օգտին

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը` յղում կատարելով «Թի.Էն.Էս. Սոֆրես-Ուանփոյնթ» հետազօտական ընկերութեան հարցախոյզի տուեալներուն գրած է, որ Ֆրանսայի պաշտօնաթող եղած տնտեսութեան նախարար Էմանուէլ Մաքրոն ամէն պարագայի պիտի գերազանցէ երկրի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին պետութեան ղեկավարի ընտրութեան առաջին փուլին: Ուսումնասիրութեան ընթացքին ընկերութիւնը իրադարձութիւններու զարգացման քանի մը հաւանական տարբերակ բերած է ընտրութիւններու առաջին փուլին տեղի ունենալիք քուէարկութեան ընթացքին: Ֆրանսայի...

Սկովտիա Կը Սկսի Նախապատրաստուիլ  Անկախութեան Շուրջ Նոր Հանրաքուէի

Սկովտիա Կը Սկսի Նախապատրաստուիլ Անկախութեան Շուրջ Նոր Հանրաքուէի

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Սկովտիոյ վարչապետ Նիքոլա Սթըրճըն յայտարարած է, որ իր ղեկավարած կառավարութիւնը պիտի սկսի օրէնսդրական հիմքի նախապատրաստումը Բրիտանիայէն անկախութեան շուրջ նոր հանրաքուէ կատարելու համար: Անցեալ շաբաթ ան նաեւ յայտարարած էր, որ երկրին մէջ պիտի ուսումնասիրուի այդ հարցին վերաբերեալ հասարակութեան կարծիքը: Նախապէս Սթըրճըն ըսած էր, որ յունիսին տեղի ունեցած  հանրաքուէին հետեւանքով Եւրոպական Միութենէն Բրիտանիոյ դուրս գալը կը նշանակէ, որ...

Ըստ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի.  Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Հարցով Ռուսիոյ  «Վերջին Առաջարկ» Ներկայացուցած Են

Ըստ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի. Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Հարցով Ռուսիոյ «Վերջին Առաջարկ» Ներկայացուցած Են

Ամերիկեան ազդեցիկ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներ սուրիական տագնապի լուծման վերաբերեալ Ռուսիոյ «վերջին առաջարկ»-ը ներկայացուցած են: Բարձրաստիճան աղբիւրի մը համաձայն, Ուաշինկթըն Մոսկուայէն պատասխան կ՛ակնկալէ յառաջիկայ օրերուն: Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ համաձայնութիւնը կ՛ենթադրէ ամբողջ Սուրիոյ տարածքին մէջ զինադուլի հաստատում, մարդասիրական միջանցքի ապահովում, սուրիական օդուժի թռիչքներու դադրեցում, ինչպէս նաեւ միացեալ ռուս-ամերիկեան օդային արշաւ ահաբեկիչներու դիրքերուն ուղղութեամբ: «Տը Ուաշինկթըն...

Թուրքիան Գերմանացի Երեսփոխաններուն  Արտօնած Է Այցելել Ինճիրլիքի Ռազմակայան

Թուրքիան Գերմանացի Երեսփոխաններուն Արտօնած Է Այցելել Ինճիրլիքի Ռազմակայան

«Արմէնփրես»` յղում կատարելով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ի վերջոյ Գերմանիոյ դաշնակցային խորհրդարանի պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի անդամներուն արտօնած է այցելել Ինճիրլիքի ռազմակայանին մէջ առաքելութիւն կատարող գերմանացի զինուորականներուն: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայեր ողջունած է Անգարայի այդ որոշումը: «Երեսփոխանները պէտք է կարենան այցելել այն բանակին, որ հաշուետու է խորհրդարանին առջեւ: Թուրքիոյ կառավարութեան այդ որոշումով մենք քիչ մը...

Թուրքիոյ Մէջ Աւելի Քան 11 Հազար Ուսուցիչներ  Հեռացուած Են Աշխատանքէ` ՔԱԿ-ի Հետ  Համագործակցելու Յանցանքով

Թուրքիոյ Մէջ Աւելի Քան 11 Հազար Ուսուցիչներ Հեռացուած Են Աշխատանքէ` ՔԱԿ-ի Հետ Համագործակցելու Յանցանքով

Էրտողան. «Հարաւարեւելեան Թուրքիոյ Մէջ Քիւրտ Զինեալներուն Դէմ Զինուորական Մեծ Գործողութեան Մը Կը Պատրաստուինք» Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց. «Մենք հարաւարեւելեան Թուրքիոյ մէջ քիւրտ զինեալներուն դէմ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ մեծագոյն զինուորական գործողութեան կը պատրաստուինք»: Միւս կողմէ, թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձան, 11.285 ուսուցիչ հեռացուած է աշխատանքէ: Հեռացուած ուսուցիչները կը մեղադրուին Քրտական...

Զախարովա. «Ապպաս Եւ Նեթանիահու  Մոսկուայի Մէջ Հանդիպում Ունենալու  Սկզբունքային Համաձայնութիւն Գոյացուցին»

Զախարովա. «Ապպաս Եւ Նեթանիահու Մոսկուայի Մէջ Հանդիպում Ունենալու Սկզբունքային Համաձայնութիւն Գոյացուցին»

«Էսոշիէյթըտ Փրես» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարած է, որ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի ղեկավարները Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններու համար հանդիպում ունենալու շուրջ «սկզբունքային» համաձայնութիւն գոյացուցած են: Զախարովա յայտնած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի գրասենեակները տեղեակ պահուած են, որ անոնք համաձայն են Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ հանդիպում մը ունենալու, թէեւ տակաւին...

Ամերիկեան Հետախուզական Օդանաւերը  Փորձած Են Մօտենալ Ռուսիոյ Սահմանին

Ամերիկեան Հետախուզական Օդանաւերը Փորձած Են Մօտենալ Ռուսիոյ Սահմանին

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր զօր. Իկոր Քոնաշենքով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու պատկանող «Փի-8 Փոսէյտոն» հետախուզական օդանաւերը Սեւ ծովուն վերեւ փորձած են մօտենալ ռուսական սահմանին: Միջադէպէն ետք «Պելպեք» ռազմակայանէն օդ բարձրացած են պարեկային «Սու-27» կործանիչները: Ռուսական կործանիչներու մօտենալէն ետք ամերիկեան հետախուզական օդանաւերը կտրուկ կերպով փոխած են թռիչքի ուղղութիւնը` հեռանալով սահմանէն: Քոնաշենքով աւելցուցած է, որ ասիկա ՕԹԱՆ-ի օդուժին կողմէ ռուսական սահմանին մօտենալու...

Թուրքիա Կը Հերքէ «Տէօչէ Վելլէ»-ի  Հարցազրոյցին  Արձանագրութիւնը Գրաւելու Լուրը

Թուրքիա Կը Հերքէ «Տէօչէ Վելլէ»-ի Հարցազրոյցին Արձանագրութիւնը Գրաւելու Լուրը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ յայտնեց, որ Թուրքիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճ իր «հարցազրոյցի արտօնութեան իրաւունք»-ը օգտագործած է գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին, երբ անդրադարձած է, որ հարցազրոյցը վարողը կորսնցուցած է «իր անկողմնակալութիւնը եւ իր հասցէին ամբաստանութիւններ կատարած»: Քըլըճ երկուշաբթի գիշեր հարցազրոյց մը ունեցած էր «Տէօչէ Վելլէ»-ի հետ, որուն աւարտին գերմանացի լրագրողներուն նախարարութեան շէնքէն...

«Անգարա Պէտք Է Յեղաշրջումի Փորձին  Մասնակից Անձերու Հետապնդման Համար  Ապացոյցներ Ներկայացնէ»  Կ՛ըսէ Եակլանտ

«Անգարա Պէտք Է Յեղաշրջումի Փորձին Մասնակից Անձերու Հետապնդման Համար Ապացոյցներ Ներկայացնէ» Կ՛ըսէ Եակլանտ

Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ յայտարարեց, որ Թուրքիան պէտք է յեղաշրջումի մասնակիցներուն հետապնդման համար յստակ ապացոյցներ ներկայացնէ եւ զգուշանայ ուսուցիչներն ու լրագրողները թիրախ դարձնելէ, պարզապէս որովհետեւ կ՛աշխատին Ֆեթհուլլա Կիւլենի տնօրինած հաստատութիւններուն մէջ: «Թուրքիան կրնայ ինքզինք գտնել Սթրազպուրկի մէջ, մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ուխտին գործադրումով զբաղող, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին դիմաց կանգնած», ըսաւ ան: «Ինչ կը վերաբերի Կիւլենի պատկանող դպրոցներուն եւ...

Էրտողան. «Պատրաստ Ենք Ամերիկայի Հետ  Գործակցելու` ՏԱՀԵՇ-ը  Ռաքքայէն Վտարելու Համար»

Էրտողան. «Պատրաստ Ենք Ամերիկայի Հետ Գործակցելու` ՏԱՀԵՇ-ը Ռաքքայէն Վտարելու Համար»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է ՏԱՀԵՇ-ը Ռաքքայէն վտարելու համար Միացեալ Նահանգներու հետ զինուորական միացեալ գործողութիւն մը շղթայազերծելու: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա զինք տեղեակ պահած է, որ Ուաշինկթըն մտադիր է Ռաքքայի ազատագրման համար միացեալ գործողութիւն մը կատարել, բան մը, որուն նկատմամբ առարկութիւն չէ ունեցած Անգարա:

«Ալլահ Թող Արժանացնէ Մեզ Սկիզբը Պոլիսը,  Յետոյ Հռոմը Գրաւելու Պատիւին»  Կը Գրէ ՏԱՀԵՇ-ի Ամսագիրը

«Ալլահ Թող Արժանացնէ Մեզ Սկիզբը Պոլիսը, Յետոյ Հռոմը Գրաւելու Պատիւին» Կը Գրէ ՏԱՀԵՇ-ի Ամսագիրը

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ ՏԱՀԵՇ սկսած է հրապարակել «Ռումիյա» համացանցային ամսագիրը, որ կը հրապարակուի քանի մը լեզուներով, ներառեալ` անգլերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն: Ամսագիրի անուանումը պատահականօրէն չէ ընտրուած. «Ռումիյէ» կը նշանակէ Հռոմ, ինչով ՏԱՀԵՇ փորձած է մատնանշել, որ իրենց գլխաւոր նպատակը մինչեւ Հռոմ հասնիլն է: «Ալլահ թող մեզ արժանացնէ սկիզբը Պոլիսը, յետոյ Հռոմը գրաւելու պատիւին», գրուած է «Ռումիյա»-ի առաջին...

«Թուրքիա Նեղութիւն Չի Զգար Հիւսիսային  Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ներկայութենէն»  Ըսաւ Քուրթուլմուշ

«Թուրքիա Նեղութիւն Չի Զգար Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ներկայութենէն» Ըսաւ Քուրթուլմուշ

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց, որ իր երկիրը նեղութիւն չի զգար հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ներկայութենէն, սակայն դէմ է, որ կազմակերպութիւն մը` Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ուրիշները մեկուսացնէ եւ այդ շրջանին վրայ մենատիրութիւն հաստատէ: «Եփրատի վահան» գործողութեան ծիրին մէջ Սուրիա գտնուող թրքական ուժերը բռնագրաւող ուժեր չեն», ըսաւ ան: «Թուրքիան իր բոլոր դաշնակից երկիրները, ներառեալ Միացեալ Նահանգները տեղեակ պահեց «Եփրատի վահան» գործողութենէն»,...

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Քննադատած Է Հոլանտայի Վարչապետը Թրքական  Համայնքին Ուղղուած Խօսքերուն Համար

Մոսկուա Մտահոգուած Է Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Քայլերէն

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիան լրջօրէն մտահոգուած է թրքական զօրքերու եւ անոնց աջակցութեան արժանացող սուրիական ընդդիմադիր ուժերու` Սուրիոյ տարածքին վրայ ունեցած յառաջխաղացքին նկատմամբ: «Ուշադրութիւն կը հրաւիրենք այն բանին վրայ, որ տուեալ գործողութիւնները համաձայնեցուած չեն երկրին օրինական իշխանութիւններուն հետ եւ չեն ստացած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին աջակցութիւնը», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:  

Չաւուշօղլու Մեղմացուցած Է Ինճիրլիքի  Ռազմակայան Գերմանացի Երեսփոխաններու  Այցելութեան Հարցին Վերաբերեալ Իր Դիրքորոշումը

Չաւուշօղլու Մեղմացուցած Է Ինճիրլիքի Ռազմակայան Գերմանացի Երեսփոխաններու Այցելութեան Հարցին Վերաբերեալ Իր Դիրքորոշումը

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու գերմանական «Վելթ» օրաթերթին հետ զրոյցին ընթացքին գերմանացի երեսփոխաններու Ինճիրլիքի ռազմակայան այցելելու հարցին մէջ դիրքորոշման դրական փոփոխման ազդանշաններ տուած է: «Եթէ Գերմանիան պահպանէ ներկայ դիրքորոշումը, ապա կրնանք այցելութեան արտօնութիւն տալ: Իսկ եթէ Գերմանիան Թուրքիոյ նկատմամբ վատ վերաբերմունք ունենայ, ապա այցելութեան արգելքի ժամկէտը կրնայ երկարիլ», ըսած է Չաւուշօղլու:

Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութենէն  48 Երեսփոխաններ Կրնան Ձերբակալուիլ  Կիւլենականներու Հետ  Կապ Ունենալու Յանցանքով

Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութենէն 48 Երեսփոխաններ Կրնան Ձերբակալուիլ Կիւլենականներու Հետ Կապ Ունենալու Յանցանքով

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 48 երեսփոխաններ կը մեղադրուին 15 յուլիսի յեղաշրջումի փորձին համար մեղադրուող ամերիկաբնակ թուրք քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան հետ կապ ունենալու համար: Օրաթերթը կը նշէ, որ կառավարութիւնը այս հարցին վերաբերեալ տակաւին պաշտօնական յայտարարութիւն չէ կատարած: Կը նշուի, որ Անգարայի գլխաւոր դատախազութեան մէջ սկսած է այդ երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու հոլովոյթը, որմէ...

«Եւրոպան Թուրքիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ Արտակարգ  Դրութիւններու Կացութիւններուն Վերաբերեալ  Կը Կիրարկէ Երկու Չափ Երկու Կշիռ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Եւրոպան Թուրքիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ Արտակարգ Դրութիւններու Կացութիւններուն Վերաբերեալ Կը Կիրարկէ Երկու Չափ Երկու Կշիռ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Եւրոպա Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւններու կացութիւններուն վերաբերեալ կը կիրարկէ երկու չափ երկու կշիռ»: «Թուրք ժողովուրդը Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւններուն վերաբերեալ եւրոպական կեցուածքները կը նկատէ երկակի չափանիշներու քաղաքականութեան օրինակ մը», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը: «Եթէ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ միջազգային կարեւոր դերակատար մը ըլլալ, ապա պէտք է իր դռները...

Թրքական Պատուիրակութիւն Մը Կիւլենի  Արտայանձնման Հարցը Քննարկելու Նպատակով  Մեկնած Է Միացեալ Նահանգներ

Թրքական Պատուիրակութիւն Մը Կիւլենի Արտայանձնման Հարցը Քննարկելու Նպատակով Մեկնած Է Միացեալ Նահանգներ

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներէն կազմուած պատուիրակութիւնը այցելած է Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթըն: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ պատուիրակութիւնը քառօրեայ այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենայ ամերիկացի քոնկրեսականներու եւ հասարակական շարք մը գործիչներու հետ: Հանդիպումներու օրակարգին վրայ պիտի ըլլան թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները, սուրիական ճգնաժամը, ինչպէս նաեւ իսլամ քարոզիչ, ամերիկաբնակ Ֆեթհուլլա Կիւլենի արտայանձնման հարցը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Թուրք-ամերիկեան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի...

«Ուաշինկթըն Ռուսիան Թշնամի  Չի Նկատեր»  Կ՛ըսէ Քարթըր

«Ուաշինկթըն Ռուսիան Թշնամի Չի Նկատեր» Կ՛ըսէ Քարթըր

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիան թշնամի չեն նկատեր եւ մտադիր չեն անոր հետ բախում ունենալ: «Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ հաւասարակշռուած, սակայն վստահ մօտեցում կը կիրարկեն... Մենք դուռը բաց կը ձգենք Ռուսիոյ հետ աշխատելու համար: Միացեալ Նահանգներ Ռուսիան թշնամի չեն նկատեր եւ մտադիր չեն բախում ունենալ անոր...

Page 760 of 882 1 … 759 760 761 … 882

Արխիւներ