Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Իզվեսթիա»-ի. Ռուսիոյ Օդուժը Կրնայ Դարձեալ Օգտագործել Իրանեան Ռազմակայանը

September 10, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

su-22m3_90916

Ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթը կը գրէ, որ Ռուսիա եւ Իրան բանակցութիւններ կը վարեն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ծիրին մէջ ռուսական օդուժի` իրանեան «Համատան» ռազմակայանի տարածք վերադարձին շուրջ:

Օրաթերթին համաձայն, ռուսական «Սու-34» եւ «Թու-22Էմ3» ռմբաձիգներու տեղափոխման համար «Համատան» ռազմակայանի տարածքին մէջ անհրաժեշտ են որոշակի պատրաստութիւններ, որոնք պիտի տեւեն շուրջ մէկ շաբաթ:

Տումայի պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի անդամ Իկրօ Զոթով այս առնչութեամբ յայտնած է, որ այս համաձայնութիւնը պիտի նպաստէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Ռուսիոյ պայքարին:

«Եթէ Ռուսիան վերադառնայ իրանեան ռազմակայան, կը կարծեմ, որ ատիկա պիտի ունենայ լաւ ազդեցութիւն: «Համատան»-ը ռազմակայան մըն է, որ անմիջականօրէն կ՛ազդէ ահաբեկիչներու ոչնչացման վրայ», ըսած է Զոթով:

Երեսփոխանը նաեւ նշած է, որ հակառակ Իրանի օրէնսդրութեան մէջ գոյութիւն ունեցող որոշ կէտերու, Ռուսիան եւ Իրանը կրնան համաձայնութիւն գոյացնել, երբ խօսքը կը վերաբերի ահաբեկիչները ոչնչացնելուն:

Ռուսիոյ նախագահին կից Հանրային պալատի գիտախորհրդատուական խորհուրդի անդամ, քաղաքագէտ Սերկէյ Վորոնին նոյնպէս կը կարծէ, որ «Համատան»-ի ռազմակայանը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Ռուսիոյ համար ունի առանցքային նշանակութիւն, որովհետեւ ատոր շնորհիւ ռուսական ռմբաձիգները աւելի կարճ եւ արդիւնաւէտ թռիչքներ պիտի կատարեն, ինչպէս նաեւ աւելի շատ ռազմամթերք պիտի կարենան տեղափոխել:

Ըստ անոր, «Համատան»-ի ռազմակայանի օգտագործման հարցին մէջ կողմերուն միջեւ ծագած անհամաձայնութիւնը պիտի հարթուի մօտիկ ապագային:

«Ինչպէս յայտնի է, Մոսկուան հրապարակած էր այդ տեղեկութիւնը: Թեհրանը ունէր այն համոզումը, որ այդ մասին յայտարարութիւնը առաջինը իրենք պէտք է կատարեն, կամ ալ գործողութիւնները առաջուան պէս պէտք է կատարուէին գաղտնի դրութեան պայմաններու մէջ: Մանաւանդ որ Իրանի մէջ կայ արեւմտամէտ վերնախաւ մը, որ կը զգուշանայ Ռուսիոյ հետ համագործակցելու պարագային Արեւմուտքի նոր պատժամիջոցներէն», նշած է Վորոնով` խօսելով Ռուսիոյ կողմէ ռազմակայանի օգտագործման դադրեցման պատճառներուն մասին:

16 օգոստոս 2016-ին Ռուսիոյ օդուժը թռիչքներ կատարած էր «Համատան» ռազմակայանէն` Սուրիոյ տարածքին մէջ իսլամականներու դիրքերը հարուածելու համար: Նախապէս ռուսական հեռահաս օդանաւերը Սուրիոյ մէջ օդային հարուածներու համար թռիչքներ կը կատարէին ռուսական ռազմակայաններէ, իսկ ռուսական կործանիչները` սուրիական «Հմէյմիմ» ռազմակայանէն:

Աւելի ուշ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր, որ ռուսական ուժերը դադրեցուցած են «Համատան» ռազմակայանէն թռիչքները դէպի Սուրիա:

Նախորդը

Սուրիոյ Մէջ Սպաննուած Են Ժապհաթ Նուսրայի Եւ Ժէյշ Ֆաթըհի Հրամանատարները

Յաջորդը

Թրքական Ոստիկանութիւնը Արցունքաբեր Ռումբ Նետած Է Ցոյց Կատարող Ուսուցիչներու Վրայ

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.