Չինական «Սինհուա» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով զինուորական աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը կատարուած օդային հարուածներու շնորհիւ սպաննուած են Ժապհաթ Ֆաթհ Շամի (նախապէս` Ժապհաթ Նուսրա, «Ա.») եւ Ժէյշ Ֆաթհի մարտական հրամանատարները:
Գործակալութեան համաձայն, անոնք սպաննուած են իսլամականներու դիրքերուն դէմ օդային հարուածներու պատճառով:
«Սինհուա» կը նշէ, որ սպաննուած զինեալներուն շարքին են ինքզինք զինեալ ընդդիմութեան շարքը դասող Ժէյշ Ֆաթհի հիմնադիրներէն մէկը եւ Ժապհաթ Նուսրա ծայրայեղական խմբաւորման հրամանատարներէն մէկը: