
Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի դեսպանը խորհրդակցութիւններու համար կանչուած է Պաքու: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», այս մասին կը տեղեկացնէ ազրպէյճանական «հաքքին.ազ»-ը` յղում կատարելով իր աղբիւրներուն:
Դեսպանին տուն կանչուիլը համընկնած է Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան, որուն պատճառը ամերիկեան ազդեցիկ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածն է:
Յօդուածին հեղինակներ` Միացեալ Նահանգներու Մաքքէյնի միջազգային առաջնորդութեան հիմնարկի մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան գծով տնօրէն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի նախկին տեղակալ Տէյվիտ Քրամըրը եւ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան, ներկայիս «Գորգ Մէյսըն» համալսարանի դասախօս Ռիչըրտ Քոզլարիչը իրենց յօդուածին մէջ խստօրէն քննադատած են Ազրպէյճանի իշխանութիւններն ու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման` կոչ ուղղելով Պաքուի դէմ «որոշիչ քայլերու դիմելու», յայտնելով այն կարծիքը, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է տուն կանչեն Ազրպէյճանի մէջ իրենց դեսպանը:
Հեղինակները համոզում յայտնած են այն մասին, որ անցեալին Միացեալ Նահանգները մարդու իրաւունքները ոտնահարող Ազրպէյճանի իշխանաւորներուն դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու նախաձեռնութիւններ կատարած է, սակայն այսօր Պաքուի վերաբերեալ նոյնը ընելու համար Օպաման կարիք չունի օրէնսդրական քայլի մը, այլ այդ պատժամիջոցները ան կրնայ կիրարկել նաեւ մեկնելով ունեցած նախագահական լիազօրութիւններէն:
Յօդուածին մէջ կ՛առաջարկուի Ազրպէյճանի ներկայիս շարունակ վատթարացող տնտեսութիւնը փրկելու համար չօժանդակել անոր` Միջազգային դրամական ֆոնտի կամ Համաշխարհային դրամատան կողմէ Պաքուին տրամադրուելիք գումարներով:
Հեղինակներուն կարծիքով` այնքան ատեն որ Ազրպէյճան ազատ չէ արձակած բոլոր քաղաքական բանտարկեալները եւ դադրեցուցած պետական լրատուամիջոցներուն կողմէ հակաամերիկեան հռետորաբանութիւնը, Միացեալ Նահանգներ պէտք է երկարաժամկէտ խորհրդակցութիւններու համար տուն կանչեն Ազրպէյճանի մէջ իրենց դեսպանը:
«Ազրպէյճանի խնդիրը ո՛չ թէ Ալիեւի նուազ լիազօրութիւններու, այլ այդ ուժը սխալ ուղղութեամբ` անմեղ մարդոց դէմ շրջելու մէջ է», կը գրեն Քրամըր եւ Քոզլարիչ:


