«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի մօտիկ աղբիւր մը բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Թուսք Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի հետ Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին Բրիտանիոյ կոչ ուղղած է` «որքա՛ն կարելի է արագ դուրս գալ Եւրոպական Միութենէն»:
Յիշեցնենք, որ Բրիտանիոյ մէջ յունիսին տեղի ունեցած հանրաքուէին ընթացքին բրիտանացիներու մեծամասնութիւնը քուէարկած էր ի նպաստ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն:
Մէյ իր կարգին ընդգծած է, որ Բրիտանիոյ ժամանակ պէտք է բանակցութիւններուն պատրաստուելու համար, ուստի ինք մինչեւ այս տարուան վերջը պիտի չգործարկէ Լիզպոնի համաձայնագիրին 50-րդ յօդուածը, այսինքն` Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու վերաբերեալ պաշտօնական ծանուցումը Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան պիտի չուղարկուի 2017-ի սկիզբէն առաջ:
Բրիտանիոյ վարչապետը նաեւ ընդգծած է, որ մինչեւ միութենէն դուրս գալը Բրիտանիան պիտի շարունակէ ամբողջովին կատարել Եւրոպական Միութեան անդամ երկրի իր գործառոյթները: