Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա Եւ Ուաշինկթըն Համաձայնութիւն Գոյացուցին Սուրիոյ Շուրջ. Հայաստան Ողջունեց Համաձայնութիւնը

Սեպտեմբեր 12, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

kerry_lavrov1_91116

Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն շաբաթ առաւօտեան Սուրիոյ շուրջ գոյացուցին համաձայնութիւն մը, որ կոչուեցաւ «աշխատանքային ծրագիր»: Համաձայնութիւնը կը բաղկանայ շարք մը կէտերէ, որոնց մէջ կարեւորագոյնն է կիրակի-երկուշաբթի գիշերուան ընթացքին սկիզբ առնող փորձառական զինադուլ մը, որմէ ետք բոլոր կողմերը կը հեռանան Հալէպի հիւսիսային կողմը գտնուող Քասթելօ ճամբայէն, ինչպէս նաեւ կ՛երաշխաւորուի Հալէպի հարաւը եւ արեւմուտքը բախումներու դադրեցումը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ անոր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրով յայտարարեցին, որ սուրիական կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը համաձայն գտնուած են Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ գոյացած «աշխատանքային ծրագիր»-ին:

Քերրի յայտարարեց, որ այս համաձայնութեան հիմամբ` ո՛չ սուրիական վարչակարգին, ո՛չ ալ ընդդիմութեան պիտի արտօնուի Հալէպի մէջ յարձակումներ շղթայազերծել: Ծրագիրին հիմամբ պիտի ստեղծուի ՏԱՀԵՇ-ի ու Ժապհաթ Նուսրայի դէմ պայքարի եւ չափաւորական ընդդիմութիւնը ահաբեկչական խմբաւորումներէն անջատելու ռուս-ամերիկեան համակարգումի կեդրոն մը:

«Համաձայնութիւնը յաջողութիւն չի նշանակեր, սակայն այս անգամ Սուրիոյ մէջ տարբեր կացութիւն մը կը հաստատենք», ըսաւ Քերրի: Ան չափաւորական ընդդիմութեան կոչ ուղղեց ինքզինք անջատելու ահաբեկչական խմբաւորումներէն:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան խմբաւորումները ընդունած է զինադուլի հաստատման ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը: Նշեալ խմբաւորումներէն «Ֆաիսթաքեմ»-ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Զաքարիյա Մալահաֆժի յայտնեց, որ ընդդիմութիւնը ամերիկեան կողմին պիտի փոխանցէ համաձայնութեան կէտերուն շուրջ իր դիտողութիւնները, մասնաւորաբար սուրիական վարչակարգին զինադուլին յանձնառութեան երաշխաւորման եւ զինադուլի խախտման պարագային զայն պատասխանատուութեան կանչելու գործիքակազմերուն վերաբերեալ: «Ընդդիմութիւնը կը շարունակէ համաձայնութեան կէտերը սերտել` քաղաքական տեսանկիւնէն, սակայն ինչ կը վերաբերի զինադուլի հաստատման եւ օժանդակութեանց մատակարարման, ապա ընդդիմութիւնը անկասկած կը կանգնի ամէն բանի կողքին, որ կ՛երաշխաւորէ քաղաքայիններուն պաշտպանութիւնը»:

Նախապէս Սուրիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Մայքըլ Ռաթնի ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներուն կոչ ուղղած էր յանձնառու դառնալու զինադուլին: Սակայն Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող Ահրար Շամ խմբաւորման բանբեր Ահմետ Քարահալի հերքեց, թէ Սուրիոյ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումները ընդունած են համաձայնութիւնը` յայտնելով, որ կեցուածքի ճշդման ուղղութեամբ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին: Ան նշեց, որ Ահրար Շամը տակաւին այդ ուղղութեամբ որոշում չէ տուած եւ վերջնական կեցուածք արտայայտելու համար ներկայիս կը խորհրդակցի մնացեալ խմբաւորումներուն հետ: Ժամեր առաջ Ահրար Շամի մէկ բանբերը յայտարարած էր, որ շարժումը կը մերժէ համաձայնութիւնը` աւելցնելով, որ ահաբեկչական խմբաւորումները «վճռական ճակատամարտի» կը պատրաստուին: «Համաձայնութիւնը կը զօրացնէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը», ըսած էր ան` նշելով, որ Ժապհաթ Նուսրան տարբեր ճակատներու վրայ կը գտնուի զինեալ ընդդիմադիրներուն կողքին եւ զանոնք իրարմէ կարելի չէ անջատել:

Հալէպի մէջ Ժապհաթ Նուսրային առնչակից զինեալ խմբաւորումները հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, որ իրենք կը մերժեն ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը` նշելով. «Այս զինադուլը դահիճն ու զոհը նոյն նժարին վրայ կը դնէ եւ աւելի կատարուած իրողութեան մը պարտադրում է, քան զինադուլ»:

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա ողջունեց համաձայնութիւնը, զոր նկատեց «Սուրիոյ մէջ լուծումի հասնելու առիթ մը»:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան մեկնաբանեց ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը: Նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնեցին, որ մեկնաբանութեան մէջ նշուած է. «Մենք կ՛ողջունենք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի միջեւ սուրիական ճգնաժամին շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:

«Յոյսով ենք, որ այդ համաձայնութիւններուն համաձայն, բոլոր կողմերը գործնականին մէջ պիտի պահպանեն զինադուլը, եւ, իբրեւ անյետաձգելի քայլ, տագնապէն առաւել վնասուած շրջաններուն պիտի ապահովուի մարդասիրական օգնութեան անարգել մուտքը եւ այդ օգնութեան տրամադրումը բնակչութեան: Այս առումով մեզի համար առաւել մտահոգիչ է Հալէպի եւ այդ օգնութեան շրջակայքին մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակը, եւ օր առաջ այդ շրջաններուն մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրումը աւելի քան հրատապ է:

«Լիայոյս ենք, որ այս համաձայնութիւնները կրնան հիմք հանդիսանալ սուրիական ճգնաժամի խաղաղ լուծման շուրջ համապարփակ բանակցութիւններու համար»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին ողջունեց ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը եւ կոչ ուղղեց հաստատելու հսկողութեան գործիքակազմեր` «ահաբեկիչներու կողմէ այս զինադուլին շահագործումէն զգուշանալու համար»: Նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի նման ահաբեկչական խմբաւորումներ պէտք է դուրս մնան զինադուլի այս համաձայնութենէն:

Նախորդը

Հարաւային Քորէա Կը Սպառնայ «Գետնին Հաւասարեցնել Եւ Քարտէսէն Ջնջել» Փիոնկիանկը

Յաջորդը

«Էնֆիլտ»-ի Տեղերուն Քանակը Աւելցաւ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?