Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի. Առաջին Պատկերասփռուած Բանավէճի Նախօրեակին` Թրամփի Եւ Քլինթընի Ժողովրդականութեան Արդիւնքները Շատ Մօտ Են

September 26, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

clinton-trump_92516

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը յայտնէ, որ այսօր գիշեր առաջին պատկերասփռուած բանավէճէն առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան երկու թեկնածուներու` Հիլըրի Քլինթընի եւ Տանըլտ Թրամփի ժողովրդականութեան արդիւնքները իրարու շատ մօտ են:

Ըստ հարցախոյզի մը, Քլինթընի աջակցողներուն համեմատութիւնը 46 առ հարիւր է, իսկ Թրամփինը` 44 առ հարիւր: Ազատական կուսակցութեան թեկնածու Կերի Ճոնսընի աջակցողներուն համեմատութիւնը 5 առ հարիւր է, իսկ «Կանաչներ» կուսակցութեան թեկնածու Ճիլ Շթայնինը` 1 առ հարիւր:

Նախապէս Քլինթընին քուէարկելու պատրաստակամութիւն յայտնած էին հարցախոյզին մասնակիցներուն 49 առ հարիւրը, իսկ Թրամփին` 47 առ հարիւրը: Արձանագրուած քուէարկողներուն մօտ անոնց ժողովրդականութիւնը հաւասարապէս 46 առ հարիւր է:

Օրաթերթը կը գրէ, որ հարցախոյզին արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ վերջին շաբաթներուն նախագահական պայքարը դարձած է աւելի սուր, իսկ արդիւնքները` աւելի մօտ, երբ նախապէս Քլինթըն կը գտնուէր յառաջատար դիրքի վրայ, իսկ Թրամփ` պաշտպանողական:

Նշենք, որ ամերիկեան այլ ազդեցիկ օրաթերթ մը` «Տը Նիւ Եորք Թայմզ», երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կ՛աջակցի Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի:

Միւս կողմէ, «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը` վկայակոչելով «Էֆ.Պի.Այ.»-ի` 23 սեպտեմբերին հրապարակուած զեկուցումը, որ կը վերաբերի գաղտնի փաստաթուղթերուն նկատմամբ Քլինթընի անփոյթ վերաբերմունքի փաստերուն, հաղորդեց, որ վերջինս արտաքին գործոց նախարար եղած ժամանակ Ռուսիա իր այցելութեան ընթացքին գաղտնի փաստաթուղթ մը մոռցած է պանդոկին մէջ:

Հրապարակուած նիւթերուն համաձայն, Քլինթընի օգնականներէն մէկը պանդոկի սենեակ բերած է պայուսակ մը, որուն մէջ գաղտնի տեղեկագիր մը եղած է: Քլինթընի եւ անոր օգնականին սենեակը լքելէն ետք, այնտեղ մնացած փաստաթուղթը գտած են դիւանագիտական անվտանգութեան աշխատակիցները:

Ըստ կանոնի, ինչպէս կը նշէ «Էֆ.Պի.Այ.»-ը, փաստաթուղթը ամէն պարագայի պէտք չէր բերուեր պանդոկի սենեակ:

 

 

Նախորդը

Օտարներու Նկատմամբ Ատելութեան Աճին Պատճառով. Գերմանիոյ Կառավարութիւնը Մտահոգ Է Հասարակական Անդորրին Նկատմամբ

Յաջորդը

Օպամա Վեթոյի Ենթարկեց 11 Սեպտեմբեր 2001-ի Ահաբեկչութեան Հարցով Սէուտական Արաբիան Դատի Տալու Օրէնքը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.