Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա օգտագործած է վեթոյի իր իրաւունքը` արգելակելու համար օրինագիծ մը, որ 11 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչութեան զոհերու ընտանիքներուն կ՛արտօնէր դատի տալ Սէուտական Արաբիան:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը ներկայացուցած էր օրինագիծ մը, որ 11 սեպտեմբերի աւելի քան հազար զոհերու եւ վնասուածներու ընտանիքներուն կ՛արտօնէր Սէուտական Արաբիոյ դէմ դատական հայց ներկայացնել:
Օրինագիծը միաձայնութեամբ որդեգրուած էր Քոնկրեսի երկու պալատներուն` Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին կողմէ: Օրինագիծը կը կոչուի «Ահաբեկչութեան հովանաւորներուն դէմ արդարութեան օրէնք» եւ 11 սեպտեմբերի ահաբեկչութեան զոհերուն կամ անկէ վնասուածներու ընտանիքներուն կ՛արտօնէ դատի տալ կառավարութիւնները այն երկիրներուն, որոնք աջակցած են այդ յարձակումին: