«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ երէկ լրագրողներուն յայտնած է, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու նկատառելի թիւով զինեալներ, որոնք կը գտնուէին հիւսիսային Սուրիոյ Մընպեժ քաղաքը, Թուրքիոյ կողմէ ողջունուող քայլով մը սկսած են նահանջել Եփրատի արեւելեան ափ:
Անգարա շարունակ կը պահանջէր, որ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու զինեալները հեռանան դէպի Եփրատի արեւելեան ափ:
Թուրքիա քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները կը նկատէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան սերտօրէն առնչուած եւ երկու խմբաւորումներն ալ կը նկատէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ: