«Ժամանակն Է Թուրքիոյ Ըսելու, Որ Անոր Տեղը Ասիոյ Մէջ Է» Կ՛ըսէ Սարքոզի
Բրիտանական «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, որ կ՛ուզէ մասնակցիլ մայիս 2017-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան, յայտարարած է, որ նախագահ վերընտրուելու պարագային պիտի դադրեցնէ Թուրքիոյ հետ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները: «Կը կարծեմ` եկած է ժամանակը Թուրքիոյ ըսելու, որ անոր տեղը Ասիոյ մէջ է», ըսած է Սարքոզի: Խօսելով Եւրոպական Միութեան մասին` ան նշած է, որ...




















