Բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթը յօդուածով մը կը նշէ, որ ստացած է փաստաթուղթեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը հրամայած է Լոնտոնի մէջ ընդդիմադիրի մը ահաբեկումը: «Գոյութիւն ունին փաստեր, որոնք 1994-ին աշխատաւորական համադաշնակցութեան թուրք անդամի մը սպանութեան հարցով ներկայացուած են Լոնտոնի մէջ գտնուող դատարանի մը. կը կարծուի, որ զոհը կը գտնուէր ցանկի մը վրայ, որուն մէջ նշուած անձերը մաքրագործել հրամայած էին թրքական իշխանութիւնները», կը գրէ «Թայմզ»:
Ոստիկանութիւնը կապ հաստատած է զոհին` քիւրտ Մոհամետ Քիկիսըզի ընտանիքին հետ, անոր սպանութեան շուրջ հետաքննութիւնը վերաբանալու համար, որովհետեւ նախապէս անիկա նկատուած էր թմրեցուցիչներու առնչուած ոճիր մը եւ ոչ ոք ամբաստանուած էր:
«Այսօր կ՛ամբաստանուի 59-ամեայ Նուրետտին Կիվենը, որ թմրեցուցիչի վաճառական մըն է, ֆութպոլի խումբերէն մէկուն նախագահը եւ թրքական գաղտնի սպասարկութեան հրամանին ենթակայ անձ մը», կը գրէ «Թայմզ»:
Բրիտանական օրաթերթը կը յայտնէ, որ Քիկիսըզ սպաննուած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հետ կապ ունենալուն համար: Ան գումարի դիմաց քիւրտերը ապօրինի կերպով կը փոխադրէր Բրիտանիա, գործունէութիւն մը, որ ընդհանրապէս առնչուած է հերոյինի առեւտուրին: