Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ Վերաբերեալ Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւնը Մեռած Նկատելու Համար Տակաւին Կանուխ Է» Ըսաւ Լաւրով

Սեպտեմբեր 27, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

lavrov_92616

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ տակաւին կանուխ է Սուրիոյ շուրջ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը մեռած նկատելու համար` նշելով. «Մոսկուա տակաւին կառչած կը մնայ այդ համաձայնութեան»:

Լաւրով ռուսական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկացիք Սուրիոյ շուրջ ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան գործադրութիւնը սկսելու համար յաւելեալ պայմաններ կը դնեն:

Ան ըսաւ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ հրաւիրելը Տէր Զօրի մէջ ամերիկեան օդուժին Սուրիոյ բանակին դէմ կատարած յարձակումէն ուշադրութիւնը շեղելու համար է` նշելով, որ ամերիկացի զինուորականները թերեւս չեն ենթարկուիր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հրամաններուն:

Ան յայտնեց, որ Միջազգային դաշինքի ուժերը միայն կը հարուածեն ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը, սակայն ձեռք չեն վերցներ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն վրայ:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը` մեկնաբանելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի վերջին նիստին ընթացքին ամերիկեան կողմին կատարած յայտարարութիւնը, յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն Ռուսիոյ ուսերուն բեռցնել Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցողին ամբողջ պատասխանատուութիւնը` նշելով, որ Ռուսիան Հալէպի մօտ մարդասիրական կարաւանի ռմբակոծման հարցին շուրջ մանրակրկիտ հետաքննութիւն պիտի պահանջէ:

25 սեպտեմբերին տեղի ունեցած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստին ընթացքին Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի մնայուն ներկայացուցիչները այս հարցով մեղադրանքներ հնչեցուցած էին Դամասկոսի եւ Մոսկուայի հասցէին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով երէկ յայտնեց. «Սուրիոյ շուրջ Ամերիկայի հետ մեր գոյացուցած համաձայնութիւններուն գործադրութեան առիթը տակաւին ամբողջովին չէ կորսուած»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւնները դադրեցնելու համաձայնութիւնը ազդու չէ, եւ կացութիւնը կը շարունակէ շատ բարդ մնալ»` նշելով, որ ահաբեկիչները զինադադարը կ՛օգտագործեն իրենց ուժերը վերադասաւորելու, սպառազինուելու եւ նոր յարձակումներու շղթայազերծման պատրաստուելու համար:

Փեսքով նաեւ նշեց, որ Սուրիոյ հարցով ամերիկեան եւ բրիտանական յայտարարութիւնները «բացարձակապէս ընդունելի չեն եւ կրնան մեծ վնաս պատճառել Սուրիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթին ու այդ երկիրներուն Մոսկուայի հետ ունեցած երկկողմանի յարաբերութիւններուն»:

«Սուրիական բանակը, որ անցեալ շաբաթ զինադադարի համաձայնութեան հիմամբ ետ քաշուեցաւ, ահաբեկիչներուն կողմէ նոր յարձակումներու ենթարկուելէ ետք ստիպուեցաւ անոնց դէմ միջոցառումներ որդեգրելու», ըսաւ Փեսքով:

Նախորդը

«Թուրքիա Կ՛ողջունէ Սուրիացի Քիւրտ Զինեալներուն Մընպեժէն Նահանջելը» Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

Յաջորդը

Մարութայ Բարձր Աստուածածին Եկեղեցին Դարձեալ Հասանելի Պիտի Ըլլայ Ուխտաւորներուն

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?