Հնդիկ Սահմանապահները Բռնած Են Հնդկաստանի Վարչապետին Ուղղուած Սպառնալիքներով Նամակ Տեղափոխող Աղաւնի Մը
Հնդկաստանի հիւսիսային Փենճապ նահանգի Փաթանքոթ քաղաքին մէջ սահմանապահները բռնած են աղաւնի մը, որ Փաքիստանէն թռչելով հասած է Հնդկաստան` երկրի վարչապետ Նարենտրա Մոտիին ուղղուած սպառնալիքներով գրութիւնը ոտքին ամրացուած: Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը նշէ, որ Փաթանքոթի ոստիկանութեան ներկայացուցիչ Ռաքեշ Քումար ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ ներկայիս աղաւնին կը գտնուի իրենց մօտ: «Տը Կարտիըն» կը նշէ, որ...




















