Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Պրիւքսէլի մէջ անդրատլանտեան յարաբերութիւններու մասին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, թէ իր երկիրը, հակառակ Ռուսիոյ հետ իր գործակցութիւնը առկախելուն, «չլքեց» Սուրիան եւ չհրաժարեցաւ այդտեղ խաղաղութեան հաստատման ջանքերէն:
Ան բուռն կերպով քննադատեց Ռուսիան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին աջակցելու իր «անպատասխանատու» որոշումին համար` աւելցնելով, որ Մոսկուա աչք փակած է Դամասկոսի կողմէ Սուրիոյ մէջ քլոր կազի եւ պայթուցիկ տակառներու օգտագործման նկատմամբ` աւելցնելով. «Անոնք, որոնք Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան կը ձգտին, Մոսկուայի կատարածէն այլ կերպ կը վարուին»:
Ան խոստացաւ խաղաղութեան բանակցութիւններու շարունակութեան համար ենթահող պատրաստել` նշելով, որ Դամասկոսը եւ Մոսկուան գիտեն, թէ իրենցմէ ի՛նչ պահանջուած է կատարել:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարը պէտք է ներառէ ռուսական եւ սուրիական պատերազմական օդանաւերու թռիչքներուն դադրեցումը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի շեշտեց. «Միացեալ Նահանգներ ջանք չխնայեցին բանակցութեան եւ Ռուսիոյ հետ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու նուազեցման ու մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարման նպատակով գոյացած դասաւորումը գործադրելու փորձին մէջ»:
Ան յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ կ՛առկախեն իրենց մասնակցութիւնը Ռուսիոյ հետ երկկողմանի բանակցութիւններուն, որոնք նախատեսուած էին պահպանելու զինադադարի դրութիւնը Սուրիոյ մէջ»` նշելով. «Ռուսիան չյարգեց իր յանձնառութիւնները, ներառեալ միջազգային մարդասիրական օրէնքի եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումի հիմամբ իր խոստումները»:
«Ռուսիան չէր ուզեր կամ անկարող էր երաշխաւորելու սուրիական վարչակարգին յանձնառութիւնը այն միջոցառումներուն, որոնց համաձայն գտնուեցաւ Մոսկուան, եւ փոխարէնը ընտրեց զինուորական ուղին», ըսաւ Քըրպի` նշելով. «Ատիկա յստակ կերպով երեւցաւ բնակելի շրջաններուն դէմ յարձակումներու աշխուժացումին, հիւանդանոցներու թիրախաւորման եւ մարդասիրական օժանդակութեան Սուրիա հասնելուն արգելակումին մէջ»:
Բայց եւ այնպէս Քըրպի նշեց. «Մեր զինուորականներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ջանքերու ամրապնդման համար պիտի շարունակենք Ռուսիոյ հետ կապի խողովակը օգտագործել` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գործողութիւններու ծիրին մէջ բախումը կանխարգիլելու համար»:
Նշենք, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ այսօր Պերլինի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ շուրջ ժողով մը, որուն պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներէն, Բրիտանիայէն, Ֆրանսայէն, Իտալիայէն եւ Գերմանիայէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ Ուաշինկթընի` Մոսկուայի հետ Սուրիոյ հարցին շուրջ բանակցութիւններու առկախումը ցոյց կու տայ, որ ամերիկացիները կը ջանան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կառավարութիւնը տապալելու համար «համաձայնութիւն կնքել սատանային հետ»:
Նախարարութիւնը խոր ցաւ եւ յուսաբափութիւն յայտնեց Ուաշինկթընի որոշումին նկատմամբ: «Ուաշինկթընի ներկայ որոշումը արտացոլացումն է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին սուրիական տագնապին շրջանցման համար մեր գործակցութիւնը շարունակելուն հաւատարիմ մնալու անկարողութեան կամ թերեւս Ուաշինկթըն երբեք ալ ատիկա կատարելու մտադրութիւնը չունէր: Եւ ասիկա մեր մօտ կ՛ամրապնդէ այն տպաւորութիւնը, որ Ուաշինկթըն Դամասկոսի մէջ իշխանութիւնը փոխելու իր ջանքին մէջ պատրաստ է սատանային հետ համաձայնութիւն կնքելու, այսինքն` հանրածանօթ ահաբեկիչներուն հետ դաշնակցելու»: