Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսը Առաջին Անգամ Ըլլալով Մերժեց Օպամայի Վեթոն

September 30, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

obama_92916

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ յաղթահարեց նախագահ Պարաք Օպամայի վեթոն այն օրէնքին նկատմամբ, որ 11 սեպտեմբեր 2001-ի զոհերու ընտանիքներուն կ՛արտօնէ դատ բանալ Սէուտական Արաբիոյ դէմ:

Ծերակոյտը 97 թեր եւ 1 դէմ քուէներով, իսկ Ներկայացուցիչներու տունը 348 թեր եւ 77 դէմ քուէներով շրջանցեցին նախագահին վեթոն:

Այսպիսով, «Արդարութիւն ընդդէմ ահաբեկչութեան հովանաւորներու» օրինագիծը կը ստանայ օրէնքի ուժ, հակառակ Օպամայի եւ Փենթակոնի շարք մը պաշտօնատար անձերու այն առարկութեան, թէ այդ օրէնքի որդեգրման պարագային աշխարհի վրայ ամերիկեան շահերուն եւ ամերիկացի զինուորներուն դէմ վտանգը պիտի աճի:

Ասիկա Օպամայի նախագահութեան տարիներուն առաջին անգամն է, որ Քոնկրեսը կը յաջողի յաղթահարել նախագահի վեթոյի իրաւունքը:

Մեկնաբանելով քուէարկութեան արդիւնքը` Օպամա «Սի.Էն.Էն.»-ին ըսաւ. «Ասիկա վտանգաւոր նախադէպ մըն է եւ օրինակ մը, թէ ինչո՛ւ երբեմն պէտք է ընես բան մը, որ դժուար է: Եւ, անկեղծօրէն, երանի Քոնկրեսը այստեղ դժուարը կատարած ըլլար»:

«Ունեցած մտահոգութիւնս ինքնին Սէուտական Արաբիոյ կամ 11 սեպտեմբերի ընտանիքներուն հետ կապ չունի: Ատիկա կապ ունի չփափաքելուս հետ ստեղծել կացութիւն մը, ուր յանկարծ ամբողջ աշխարհի տարածքին մեր կատարած ամբողջ աշխատանքին համար վտանգներ կը դիմագրաւենք եւ մենք մեզ դատական սեփական հայցերու ենթակայ կը գտնենք», ըսաւ ան` նշելով, որ քոնկրեսականները այդպէս քուէարկած են` մեկնելով քաղաքական մտավախութիւններէ:

«Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճոն Պրենըն իր կարգին յայտնեց, որ օրէնքը ազգային անվտանգութեան համար ունի «ծանր հետեւանքներ»` աւելցնելով. «Ժխտական անդրադարձը կրնայ հսկայական ըլլալ»:

Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ լրագրողներու յայտնեց, որ քուէարկութեան արդիւնքը տասնամեակներու ընթացքին «Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կատարած ամէնէն աւելի նեղի մատնող քայլն է»:

Նիւ Եորքէն դեմոկրատական ծերակուտական Չաք Շումեր յայտնեց, որ «Սպիտակ տունն ու գործադիր իշխանութիւնը շատ աւելի հետաքրքրուած են դիւանագիտական նկատառումներով: Մենք աւելի հետաքրքրուած ենք ընտանիքներով եւ արդարութեամբ»:

Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական անդամ Փիթըր Քինկ իր կարգին հարց տուաւ. «Եթէ Սէուտական Արաբիան 11 սեպտեմբեր 2001-ի դէպքերուն մեղսակից չէ, ինչո՞ւ է այս մտահոգութիւնը»:

Սէուտական Արաբիա կը հերքէ 11 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական յարձակումներուն իր մեղսակցութիւնը եւ նախազգուշացուցած է, որ նշեալ օրինագիծին որդեգրումը կրնայ պատճառ դառնալ սէուտական ներդրումներուն Միացեալ Նահանգներէն դուրս բերման:

 

Նախորդը

«Ժամանակն Է Թուրքիոյ Ըսելու, Որ Անոր Տեղը Ասիոյ Մէջ Է» Կ՛ըսէ Սարքոզի

Յաջորդը

Իրանեան Բանակը Առաջին Անգամ Ըլլալով Մասնակցած Է Օթան-Ի Անդամ Երկիրի Մը Հետ Միացեալ Ռազմափորձերու

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.