«Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները որոշած են 2017-ի իրենց պաշտպանութեան ամավարկին համար առաջադրել մօտաւորապէս 1 միլիառ տոլար գումար մը միայն:
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, 2017-ի ամավարկին մէջ զինուորական ծախսերուն համար նախատեսուած 1,62 միլիառ մանաթ գումարը գրեթէ հինգ անգամով նուազ է նախորդ տարուան գումարէն: Արդարեւ, անցեալ տարի Ազրպէյճանի զինուորական ծախսերը մօտաւորապէս 5 միլիառ տոլարի հասած էին:
Նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր ելոյթներուն մէջ քանի մը առիթով նշած է, որ քարիւղի գիներուն անկումին պատճառով Ազրպէյճանի պետական եկամուտները 4 անգամով նուազած են: