«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ Քաթալոնիա ինքնավար մարզի ղեկավար Քարլես Փուչտեմոնթ տեղւոյն խորհրդարանի երեսփոխաններուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Քաթալոնիան 2017-ին Սպանիոյ կազմէն դուրս գալու վերաբերեալ հանրաքուէ կրնայ կատարել:
Ըստ անոր, հանրաքուէն, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի կատարուի սեպտեմբեր 2017-ի երկրորդ կիսուն:
Քաթալոնիոյ մէջ տեղական ընտրութիւնները տեղի ունեցած են 27 սեպտեմբեր 2015-ին: Ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած են մարզի անկախութեան կողմնակիցները:
9 նոյեմբեր 2014-ին Քաթալոնիոյ մէջ տեղի ունեցած է մարզի ինքնորոշման խնդիրին վերաբերեալ ժողովրդային հարցախոյզ, որուն հիմամբ բնակչութեան 80 առ հարիւրը իր զօրակցութիւնը յայտնեց անկախութեան գաղափարին: Հարցախոյզը կատարուած էր հանրաքուէի փոխարէն` Մատրիտի կեդրոնական իշխանութիւններուն ճնշումին պատճառով: