Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա Կը Պատասխանէ Ուաշինկթընի Յայտարարութիւններուն. Օպամա Ազգային Անվտանգութեան Գործակալութիւններուն Կը Հրամայէ Քննարկել Սուրիոյ Հարցով Բոլոր Ընտրանքները

September 30, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

obama-and-senior-advisors_92916

Քրեմլին երէկ պատասխանեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կատարած վերջին յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց Ռուսիան Սուրիոյ մէջ իր զինուորական գործողութեան պատճառով ահաբեկչական յարձակումի սպառնալիք մը կը դիմագրաւէ` զանոնք նկատելով «անպատշաճ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպիի յայտարարութեան մէջ տողատակի իմաստներ կան, եւ անիկա ռուսական քաղաքներու ահաբեկչական յարձակումներու ենթարկուելու հաւանականութիւնը ցոյց կու տայ:

Քըրպի յայտարարած էր, որ Սուրիոյ մէջ Մոսկուայի գործողութիւնները պատճառ պիտի դառնան ահաբեկիչներու կողմէ ռուսական քաղաքներուն դէմ յարձակումներու` աւելցնելով, որ ահաբեկիչները անկասկած պիտի հարուածեն ռուսական շահերը:

Քրեմլին նաեւ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն «ձախողած» է Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչները եւ ընդդիմութիւնը անջատել, բան մը, որուն յանձնառութիւնը ստանձնած էր զինադադարի հաստատման համաձայնութեան մէջ: Քրեմլին յոյս յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը գործադրէ իր բոլոր յանձնառութիւնները «բան մը, որ ներկայիս չի կատարուիր»:

Քրեմլին ըսաւ, որ Մոսկուա հետաքրքրուած է Սուրիոյ հարցով Ուաշինկթընի հետ գործակցութեամբ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով իր կարգին ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ հետ գործակցութիւնը դադրեցնելու վերաբերեալ Ուաշինկթընի յայտարարութիւնները սպառնալիք եւ շանթաժ են` նշելով. «Այդ յայտարարութիւններուն նպատակը Ուաշինկթընի եւ անոր գործակալներուն հաճելի եղող լուծումներ մեզի պարտադրելն է, եւ անկարելի է այդ հիմամբ լուծումի հասնիլ եւ կայունութիւնը վերականգնել»: «Ռուսիան իր սեփական կեցուածքներն ու սկզբունքները ունի», նշեց ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարած էր, որ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ Սուրիոյ հարցով գործակցութեան դադրեցումը կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ Ռուսիոյ վրայ, սակայն աւելցուցած էր, որ Ուաշինկթըն մտադիր չէ հրաժարիլ Սուրիոյ շուրջ Ռուսիոյ հետ երկխօսութենէն:

«Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճոն Պրենըն «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու «հակառակորդն է բազմաթիւ մարզերու մէջ»:

«Երբ ես կը նայիմ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, շատ կը բորբոքիմ եւ կը զայրանամ, որովհետեւ ռուսերը չեն կատարեր սուրիական վարչակարգին վրայ ճնշում գործադրելու իրենց պարտաւորութիւնները, որպէսզի անոր հարկադրեն դադրեցնել անմեղ տղամարդոց, կիներու եւ երեխաներու հրէշաւոր ռմբակոծումները այնպիսի վայրի մը մէջ, ինչպիսին է Հալէպը», ըսաւ Պրենըն:

Միւս կողմէ, ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակազմը դարձեալ ընթացք տուած է Սուրիոյ ընդդիմութեան Հալէպի կեդրոններուն դէմ սուրիական եւ ռուսական յարձակումը ետ մղելու կարող զէնքեր տրամադրելու շուրջ ներքին քննարկումներուն:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ օրաթերթին յայտնած են, որ ըստ «Բ.» կոչուած ծրագիրին, «Սի.Այ.Էյ.»-ի եւ շրջանին մէջ անոր գործընկերներուն պիտի արտօնուի «Սի.Այ.Էյ.»-ի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներուն տրամադրել զէնքի համակարգեր, որոնց միջոցով պիտի կարենան բաւական հեռաւորութենէ ռմբակոծել ռուսական եւ սուրիական հրետանիներու դիրքերը: Անոնք նաեւ աւելցուցին, որ կը քննարկուի նաեւ հակաօդային զէնքերու տրամադրման հարցը:

«Միացեալ Նահանգներ կը քննարկեն «կանաչ լոյս» տալու հարցը իրենց շրջանային դաշնակիցներուն, ներառեալ Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ, որպէսզի ըմբոստներուն մատակարարեն աւելի ուժեղ զէնքերու համակարգեր», կը գրէ օրաթերթը:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կ՛աւելցնէ, որ կարգ մը պաշտօնատարներու կարծիքով` ճակատամարտին ընթացքին վրայ ազդելու տեսանկիւնէն արդէն այդ մէկը կատարելու համար շատ ուշ է, ուստի ամերիկեան վարչակարգը պէտք է սերտէ Սուրիոյ վարչակարգին դէմ ամերիկեան զինուորական գործողութիւն մը: Օրաթերթը կը նշէ, որ պաշտօնատարները կը նախատեսեն, որ այդ ընտրանքը Սպիտակ տան մէջ բուռն ընդդիմութեան արժանանայ` մեկնելով Ռուսիոյ հետ ընդարձակ տագնապ մը ծագելուն նկատմամբ մտավախութենէն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ աւելի ուշ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր երկրին ազգային անվտանգութեան բոլոր գործակալութիւններուն հրամայած է քննարկել Սուրիոյ հարցով բոլոր ընտրանքները:

Նախորդը

Իրանեան Բանակը Առաջին Անգամ Ըլլալով Մասնակցած Է Օթան-Ի Անդամ Երկիրի Մը Հետ Միացեալ Ռազմափորձերու

Յաջորդը

Անիի Աւերակներ Այցելած Թուրք Ուսանողները Իրենց Բջիջայիններուն Վրայ «Բարի Եկած Էք Հայաստան» Կարճ Պատգամը Ստացած Են

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.