Ռուսիա Յայտնած Է, Թէ Որ Պարագային Պիտի Վերականգնէ Միացեալ Նահանգներու Հետ Հիւլէական Մարզին Մէջ Համագործակցութիւնը
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ Ռուսիան կրնայ հիւլէական եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութիւնը վերականգնել, եթէ Ուաշինկթըն յայտարարէ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնագիրին բոլոր կէտերը գործադրելու իր պատրաստակամութիւնը: Նախարարութիւնը նշած է, որ Մոսկուան ամերիկեան կողմին հետ համագործակցութիւնը դադրեցուցած է Ուաշինկթընի հաստատած սահմանափակումներուն պատճառով: «2014-ին Ուաշինկթընէն ստացուած է յայտարարութիւն մը, թէ ամերիկեան կողմը...




















