Միջազգային

Էրտողան. «Ուրիշներուն Հողերուն Նկատմամբ  Ախորժակներ Չունինք, Սակայն Կ՛աշխատինք  Մեր Հողերն Ու Ժողովուրդը Պաշտպանել»

Էրտողան. «Ուրիշներուն Հողերուն Նկատմամբ Ախորժակներ Չունինք, Սակայն Կ՛աշխատինք Մեր Հողերն Ու Ժողովուրդը Պաշտպանել»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կազմակերպութեամբ Անգարայի մէջ արհեստաւորներու մեծարման հանդիսութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը մէկ պետութիւն է, եւ այլեւս կարողութիւնը ունի արտաքին սպառնալիքները դիմակայելու, եւ այդ է Սուրիա եւ Իրաք մեր գտնուելուն պատճառը»: «Մենք ուրիշներուն հողերը գրաւելու չենք ձգտիր, սակայն կ՛աշխատինք պահպանել Թուրքիան` անոր հողն ու ժողովուրդը, եւ զայն պաշտպանել...

Իրաքի Վարչապետը Դարձեալ  Կը Զգուշացնէ Թուրքիան.  «Եթէ Թուրքիան Մուտք Գործէ Իրաք,  Այդ Արարքին Գինը Պիտի Վճարէ»  Կ՛ըսէ Ապատի

Իրաքի Վարչապետը Դարձեալ Կը Զգուշացնէ Թուրքիան. «Եթէ Թուրքիան Մուտք Գործէ Իրաք, Այդ Արարքին Գինը Պիտի Վճարէ» Կ՛ըսէ Ապատի

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թրքական բանակին կողմէ մեծ քանակով յաւելեալ հրասայլեր ու սպառազինութիւն Իրաքի հետ սահման տեղափոխելէն ետք, Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի երկրորդ անգամ ըլլալով զգուշացուցած է Թուրքիան: «Եթէ Թուրքիան մուտք գործէ Իրաք, այդ արարքին գինը պիտի վճարէ», յայտարարած է Ապատի: Նախապէս Թուրքիա-Իրաք սահմանին վրայ սպառազինութեան կուտակման հետ կապուած` Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք յայտարարած էր, որ իրենք...

Պաղտատի ՏԱՀԵՇ-ի Անդամներուն  Կոչ Կ՛ուղղէ Թուրքիա Ներխուժելու

Պաղտատի ՏԱՀԵՇ-ի Անդամներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Թուրքիա Ներխուժելու

ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատի ձայնագրուած ուղերձի մը մէջ յայտնեց. «Թուրքիան այսօր մուտք գործեց խմբաւորման անդամներու գործունէութեան ծիրին եւ անոնց ժիհատի ծրագիրին մէջ: Ուստի Աստուծոյ վստահեցէ՛ք եւ Թուրքիա ներխուժեցէ՛ք, անոր անվտանգութիւնը սարսափի վերածեցէ՛ք, հանդարտութիւնը` վախի, ապա զայն ներքաշեցէ՛ք ձեր հրաբորբոք պայքարի շրջաններուն մէջ»: «Ո՜վ Շամի հողերուն մէջ խալիֆայութեան զինուորներ, ահաւասիկ ձեր մօտ եկաւ անհաւատ թուրք զինուորը: Անոր արիւնը...

Փութին Կը Հրամայէ Հալէպի Մէջ  Օդային Հարուածներու Արգելքը  Երկարաձգել Մինչեւ Ուրբաթ

Փութին Կը Հրամայէ Հալէպի Մէջ Օդային Հարուածներու Արգելքը Երկարաձգել Մինչեւ Ուրբաթ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրամայեց Հալէպի մէջ օդային հարուածներու արգելքը երկարաձգել մինչեւ ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Հալէպի մէջ զինադադար հաստատելը անկարելի պիտի ըլլայ, եթէ զինեալ խմբաւորումները շարունակեն իրենց յարձակումները: «Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ Փեսքով յայտնած է, թէ զինադադարը տակաւին ի զօրու է եւ աշխատանքը կը շարունակուի արեւելեան Հալէպէն քաղաքայիններու...

Իրաք Պատրաստ Է Թուրքիոյ Հետ Պատերազմի.  «Իրաքը Մեր Եղբայրական Երկիրն Է,  Իրաքի Ժողովուրդն Ալ`  Մեր Եղբայր Ժողովուրդը»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Իրաք Պատրաստ Է Թուրքիոյ Հետ Պատերազմի. «Իրաքը Մեր Եղբայրական Երկիրն Է, Իրաքի Ժողովուրդն Ալ` Մեր Եղբայր Ժողովուրդը» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիա դիւանագիտական դաշտին մէջ քայլերու կը ձեռնարկէ իր եւ Իրաքի միջեւ լարուածութիւնը կարգաւորելու համար: «Իրաքը մեր դրացի երկիրն է, մեր եղբայրական երկիրն է: Իրաքի ժողովուրդն ալ մեր եղբայր ժողովուրդն է: Այն, թէ որքա՛ն կարեւոր է մեզի համար Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնը, Պաղտատ լաւ գիտէ: Պաաշիքայի ճամբարը աւելորդ լարուածութիւն յառաջացուց: Բան մը, որ պէտք չէր տեղի ունենար: Սակայն...

Հալէպի Մէջ Զինեալները Բնակիչներէն 300-ական  Տոլար Կը Պահանջեն` Մարդասիրական  Միջանցքներու Ճամբով Դուրս Գալու Համար

Հալէպի Մէջ Զինեալները Բնակիչներէն 300-ական Տոլար Կը Պահանջեն` Մարդասիրական Միջանցքներու Ճամբով Դուրս Գալու Համար

Հալէպի մէջ զինեալները կը տարածեն թռուցիկներ, որոնց ճամբով  խաղաղ բնակիչներէն 300-ական տոլար կը պահանջեն` իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող մարդասիրական միջանցքներուն ճամբով արեւելեան Հալէպը լքելու կարելիութեան համար: «Կազեթա.ռու» կը հաղորդէ, որ թռուցիկները տարածուած են Ժէյշ Ֆաթհի գերագոյն զինուորական խորհուրդին կողմէ: «Մեր ղեկավարութիւնը կը գիտակցի կառավարական բանակին կողմէ Հալէպի թաղամասերու շրջափակման եւ ռմբակոծումներու պատճառով խաղաղ բնակչութեան կրած տառապանքներուն չափը: Մեր եղբայրներուն հետ...

Ըստ Վերլուծաբաններու.  Քլինթընի Նախագահական Ընտրութեան  Յաղթելու Հաւանականութիւնը Կը Նուազի,  Սակայն Կը Պահպանուի

Ըստ Վերլուծաբաններու. Քլինթընի Նախագահական Ընտրութեան Յաղթելու Հաւանականութիւնը Կը Նուազի, Սակայն Կը Պահպանուի

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ  Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններէն վեց օր առաջ, ամերիկեան քաղաքական վերլուծաբաններ արձանագրած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի յաղթելու հաւանականութիւնը կը մնայ բարձր, սակայն վերջին օրերուն կը նուազի: 2008 եւ 2012 թուականներուն բոլոր նահանգներուն մէջ ընտրութիւններու արդիւնքին մէջ յաջողութիւն կանխատեսած «ՖայվԹըրթիԷյթ» վիճակագրութեան եւ նախատեսութիւններու հեղինակաւոր կայքին տուեալներով, Քլինթընի յաղթանակի հաւանականութիւնը վերջին երեք օրուան...

Իտալիոյ Վարչապետը Կը Խոստանայ  Վերականգնել Երկրաշարժէն  Վնասուած Քաղաքները

Իտալիոյ Վարչապետը Կը Խոստանայ Վերականգնել Երկրաշարժէն Վնասուած Քաղաքները

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ վարչապետ Մաթէօ Ռենցի խոստացած է, որ երկրին իշխանութիւնները լիովին պիտի վերականգնեն երկրի կեդրոնական մասի այն բնակավայրերը, որոնք վնասուած են 30 հոկտեմբերին տեղի ունեցած երկրաշարժէն: «Ես այստեղ եմ` ըսելու, թէ աշխատանքը տեւական պիտի ըլլայ, սակայն աստիճանաբար մենք ամէն ինչ պիտի վերականգնենք», յայտարարած է ան` խօսք արտասանելով գրեթէ ամբողջութեամբ աւերուած Պրեչի բնակավայրի բնակիչներուն առջեւ: Իտալիոյ կեդրոնական մասին...

«Քլինթըն Ընտրողներուն  Խիղճը Կրնայ Տանջել»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Քլինթըն Ընտրողներուն Խիղճը Կրնայ Տանջել» Կ՛ըսէ Թրամփ

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփ Ուիսքոնսինի մէջ իր համակիրներուն առջեւ արտասանած խօսքին մէջ նահանգին մէջ դեմոկրատական թեկնածու Հիլըրի Քլինթընին ի նպաստ վաղաժամ քուէարկած ընտրողներուն կոչ ուղղած է իրենց մտքերը փոխելու եւ ձայները տալու իրեն: Թրամփի համաձայն, Քլինթընի ի նպաստ քուէարկածները «կրնան խղճի խայթ ունենալ»: Ան այդ ընտրողներուն խորհուրդ տուած է անգամ...

Փայլան Եւ Տողան Կը Մասնակցին  «Ճումհուրիյէթ»-ի Առջեւ Բողոքի Ցոյցին

Փայլան Եւ Տողան Կը Մասնակցին «Ճումհուրիյէթ»-ի Առջեւ Բողոքի Ցոյցին

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան եւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան հայ երեսփոխան Սելինա Տողանը  միացած են ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» թերթին խմբագրութեան դիմաց տեղի ունեցող բողոքի ցոյցին: Տողան դատապարտած է «Ճումհուրիյէթ»-ի դէմ կատարուած գործողութիւնները` զանոնք ընդդիմութիւնը լռութեան մատնելու իշխանութեանց համատարած արշաւին մէկ մասնիկը նկատելով: Իր կարգին, Կարօ Փայլան նշած է, որ 16 ամիս առաջ իշխող...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Մէջ  Օրէնք Մը Որդեգրուած Է Ընթերցանութեան  Ժողովրդականացման Մասին

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Մէջ Օրէնք Մը Որդեգրուած Է Ընթերցանութեան Ժողովրդականացման Մասին

«Արմէնփրես»` յղում կատարելով «Արապիըն Պիզնըս» հրատարակութեան, կը հաղորդէ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ 1 նոյեմբերին որդեգրուած է օրէնք մը, որ նպատակաուղղուած է երկրին մէջ ընթերցանութեան ժողովրդականացման: Օրէնքը կոչուած է շեշտելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ընթերցանութեան դերը: Օրէնքը, մասնաւորաբար, պետական պաշտօնեաներուն կարելիութիւն կ՛ընծայէ ընթերցանութեամբ զբաղելու աշխատանքի ընթացքին: Ասիկա իր տեսակին մէջ առաջին օրէնսդրական աքթն է, որ պաշտօնեաներուն իրաւունք կու տայ աշխատանքի...

Մատուրօ Ընդդիմութեան Հետ Ունեցած  Բանակցութիւններէ Ետք Յայտարարած Է  Խաղաղութեան Յաղթանակը

Մատուրօ Ընդդիմութեան Հետ Ունեցած Բանակցութիւններէ Ետք Յայտարարած Է Խաղաղութեան Յաղթանակը

Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ յայտարարած է, որ Վենեզուելա կրցած է դիմագրաւել բռնութեան եւ ապակայունացման սպառնալիքները, որոնք կը բխէին ընդդիմութեան առանձին խումբերէն: 30 հոկտեմբերին կառավարութեան պատուիրակը պետութեան ղեկավարին կողքին ընդդիմութեան հետ ունեցած էր առաջին հանդիպումը, որ նպատակաուղղուած էր երկրին մէջ տիրող քաղաքական ու ընկերային-տնտեսական ճգնաժամի յաղթահարման ուղիներու փնտռտուքին: «Վենեզուելայի մէջ կը յաղթէ խաղաղութիւնը, խաղաղութիւնն ու սէրը, քաղաքացիներու փոխադարձ յարգանքը», նշած է...

Վենեզուելայի Մէջ Սկսած Են  Թղթադրամները Հաշուելու  Փոխարէն Կշռել

Վենեզուելայի Մէջ Սկսած Են Թղթադրամները Հաշուելու Փոխարէն Կշռել

Վենեզուելայի մէջ ազգային դրամանիշի` պոլիվարի խիստ արժեզրկման եւ ծայրայեղ գնաճին պատճառով վաճառականները սկսած են կշռել յաճախորդներու գումարները` ծառայութիւններու եւ ապրանքներու համար գանձում կատարելու ընթացքին: «Պլումպերկ» կը գրէ, որ այդ որոշումը տրուած է, որովհետեւ թղթադրամներն ու մետաղադրամները հաշուելը չափազանց երկար ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ եւ աւելի դիւրին է զանոնք կշռել: Մայրաքաղաք Քարաքասի վաճառականներէն մէկը` Ումպերթօ Կոնզալես նշած է. «Պանիրը այժմ...

Ազրպէյճանցի Լրագրողը Քաղաքական  Ապաստան Խնդրած Է Զուիցերիայէն

Ազրպէյճանցի Լրագրողը Քաղաքական Ապաստան Խնդրած Է Զուիցերիայէն

«Պի.Պի.Սի.» կը տեղեկացնէ, որ «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով լրագրողի փաստաբան Ֆուատ Ակայեւի, կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանցի լրագրող Ռաուֆ Միրքատիրով քաղաքական ապաստան խնդրած է Զուիցերիայէն: Նախապէս ապաստան ստացած էր անոր ընտանիքը: Ռուսալեզու անկախ «Զերկալօ» պարբերականի լրագրող Միրքատիրով ձերբակալուած է 2014-ին Թուրքիոյ մէջ, ուրկէ արտաքսուած է Ազրպէյճան: Անոր ընտանիքը մնացած է Թուրքիոյ մէջ, ուրկէ քաղաքական ապաստան ստացած է Զուիցերիոյ մէջ: Դեկտեմբեր...

Ազրպէյճանի Կեդրոնական Դրամատան  Դրամական Պահեստները Կրճատուած Են

Ազրպէյճանի Կեդրոնական Դրամատան Դրամական Պահեստները Կրճատուած Են

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի կեդրոնական դրամատան դրամական պահեստները 31 հոկտեմբեր 2016-ի դրութեամբ կազմած են 4 միլիառ 5,5 միլիոն տոլար: Կեդրոնական դրամատունէն ազրպէյճանական լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ հոկտեմբեր 2016-ին դրամատան դրամանիշի պահեստները սեպտեմբերի համեմատ կրճատուած են 127,2 միլիոն տոլարով կամ 3,08 առ հարիւրով, իսկ անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ նուազած են 41,4 առ հարիւրով կամ 2 միլիառ...

«Թուրքիոյ Մէջ Կառավարութիւն Չկայ,  Կայ Աւազակախումբ»  Կ՛ըսէ Տեմիրթաշ

«Թուրքիոյ Մէջ Կառավարութիւն Չկայ, Կայ Աւազակախումբ» Կ՛ըսէ Տեմիրթաշ

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Սելահեթթին Տեմիրթաշ խիստ քննադատութեան ենթարկած է երկրին իշխանութիւնները` քրտաբնակ շրջաններուն մէջ սկիզբ առած բռնութիւններուն եւ ձերբակալութիւններուն համար: Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Տեմիրթաշ իր խօսքը ուղղած է երկրի վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին եւ բացագանչած. «Կառավարութիւն չկայ, կայ աւազակախումբ: Չե՞ս ամչնար, չե՞ս ձանձրանար: Ալլահը թող բոլորիդ պատիժը տայ»: Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ ձերբակալուած է...

«Քաղաքական Հոլովոյթ Սկսելու Եւ Սուրիացի  Ժողովուրդի Խաղաղ Կեանքի Վերադառնալու  Հեռանկարը Անժամկէտ Կերպով Յետաձգուեցաւ»  Կ՛ըսէ Շոյկու

«Քաղաքական Հոլովոյթ Սկսելու Եւ Սուրիացի Ժողովուրդի Խաղաղ Կեանքի Վերադառնալու Հեռանկարը Անժամկէտ Կերպով Յետաձգուեցաւ» Կ՛ըսէ Շոյկու

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտնեց, որ ռուս զինուորականները Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրամանին հիմամբ 16 օրէ ի վեր Հալէպի մէջ չեն օգտագործեր օդուժը: «Աւելի քան երկու հազար այսպէս կոչուած չափաւորական ընդդիմադիրներ 22 հրասայլերով, 15 զրահապատ մեքենաներով եւ 8 ականուած ինքնաշարժով անձնասպանական գործողութեամբ եւ բազմափող հրթիռային համակարգերով բուռն յարձակումներ գործեցին բնակելի թաղամասերու, դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու դէմ», ըսաւ Շոյկու` աւելցնելով. «Հալէպի...

Թուրքիոյ Մէջ Աւարտած Է Մահապատիժին  Վերաբերող Օրինագիծի Մշակման Փուլը

Թուրքիոյ Մէջ Աւարտած Է Մահապատիժին Վերաբերող Օրինագիծի Մշակման Փուլը

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ աւարտած է մահապատիժը վերականգնելու վերաբերեալ օրինագիծին մշակման փուլը, եւ նախագիծը արդէն քննարկման պիտի դրուի խորհրդարանին մէջ: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ վարչապետը նշած է, թէ Թուրքիոյ մէջ մահապատիժի մասին օրէնքի որդեգրումը փոխզիջումային քայլեր կը պահանջէ խորհրդարանին մէջ: «Մահապատիժի որդեգրումը պիտի նշանակէ սահմանադրական կարեւոր...

Ուաշինկթըն Մտահոգուած Է «Ճումհուրիյէթ»-ի  Գլխաւոր Խմբագիրին Ձերբակալութեամբ

Ուաշինկթըն Մտահոգուած Է «Ճումհուրիյէթ»-ի Գլխաւոր Խմբագիրին Ձերբակալութեամբ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնած է, որ իր երկիրը մտահոգուած է թրքական ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրին ձերբակալութեամբ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Քըրպի ըսած է. «Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգուած են Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր լրատուամիջոցներուն նկատմամբ աճող պետական ճնշումով, ներառեալ այսօր Թուրքիոյ ամէնէն հեղինակաւոր թերթերէն մէկուն` «Ճումհուրիյէթ»-ի գլխաւոր խմբագիր Մուրատ Սապունճուի ձերբակալութիւնը»: Քըրպի նշած է, որ...

Ըստ Հարցախոյզի Մը.  Քլինթընի Հակավարկանիշը Աւելի  Բարձր Է, Քան Թրամփինը

Ըստ Հարցախոյզի Մը. Քլինթընի Հակավարկանիշը Աւելի Բարձր Է, Քան Թրամփինը

Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան դեմոկրատական թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի բացասական վարկանիշը բարձրացած է` գերազանցելով անոր մրցակից Տանըլտ Թրամփի ցուցանիշը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այդ կը վկայեն ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանի եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի կատարած հարցախոյզի արդիւնքները: Կը նշուի, որ Քլինթընի թեկնածութեան բացասաբար կը վերաբերի հարցախոյզին մասնակիցներուն 60 առ հարիւրը, իսկ Թրամփի թեկնածութեան` 58 առ հարիւրը: Հարցախոյզին մասնակիցներուն 49 առ հարիւրը...

Page 745 of 882 1 … 744 745 746 … 882

Արխիւներ