Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

6,6 Աստիճան Ուժնութեամբ Երկարաշարժ Մը Ցնցեց Կեդրոնական Իտալիան

October 31, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

italia_103016

Կեդրոնական Իտալիոյ մէջ Ս. Պենետիկտոսի ծննդավայրը նկատուող Նորձայի մօտ ուժեղ երկրաշարժ մը մեծ աւեր գործեց:

Կեդրոնական Իտալիոյ Ամաթրիչէ քաղաքին մէջ շուրջ 300 զոհ պատճառած եւ շրջանին մէջ շարք մը քաղաքներ աւերած 6,2 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժէն ետք արձանագրուած 6,6 աստիճան երկրաշարժին պատճառով 11 անձեր վիրաւորուեցան, սակայն զոհերու մասին տեղեկութիւններ չկան: Իտալական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ 9 անձեր ողջ առողջ դուրս բերուած են փլատակի մը տակէն:

Ցնցումը զգացուած է նաեւ մայրաքաղաք Հռոմի եւ մինչեւ իսկ հեռաւոր Վենետիկի մէջ: Երկրաշարժէն իր կրած վնասներուն պատճառով Հռոմի մէջ այցելութիւններու համար փակուած է Ս. Պօղոս տաճարը:

Քասթելսանթանճելօ եւ Փրեճի քաղաքները եւս նկատառելի վնասներ կրեցին, սակայն անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած 5,5 եւ 6,1 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժներէն ետք անոնք լքուած էին:

Ուսիթայի եւ Արճուաթայի գիւղապետները յայտնեցին, որ նշեալ գիւղերուն մէջ եւս բազմաթիւ շէնքեր փուլ եկած են:

Թոլեթինոյի մէջ քանդուած է եկեղեցի մը: Երկրաշարժէն ազդուած է նաեւ օգոստոսին տեղի ունեցած երկրաշարժէն մեծագոյն վնասներ կրած քաղաքը` Ամաթրիչէն:

Յիշեցնենք, որ 2009-ին ուժգին երկրաշարժ մը քանդած էր Իտալիոյ Լ՛Աքուիլա քաղաքը:

Անցեալ շաբաթ Իսրայէլ շարք մը պետութիւններու կողմէ քննադատութեան ենթարկուեցաւ, երբ Իսրայէլի շրջանային համագործակցութեան հարցերով փոխնախարար Այուպ Քարայի յայտնեց, որ Իտալիոյ մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած երկրաշարժը Աստուծոյ պատիժն է այն պատճառով, որ Իտալիոյ իշխանութիւնները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Աքսայի մզկիթը իսլամական ժառանգութեան վայր ճանչցող որոշումին շուրջ քուէարկութեան ընթացքին ձեռնպահ մնացած էին:

«Վստահ եմ, որ երկրաշարժը տեղի ունեցած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի այն որոշումին պատճառով, որուն դէմ բազմիցս արտայայտուած է Հռոմի պապը», ըսած է ան:

«Իթալիա.ռու» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները արդէն պաշտօնապէս ներում հայցած են Իտալիայէն` նշելով, որ իրենք կը քննադատեն իսրայէլեան փոխնախարարին խօսքերը:

«Փոխնախարարին խօսքերը չեն արտացոլեր մեր երկրին պաշտօնական դիրքորոշումը», ըսած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու:

 

 

Նախորդը

«Եւրոպան Եւ Շրջանային Ուժերը Պէտք Է Սուրիոյ Վերակառուցման Համար Պատշաճ Պայմաններ Ստեղծեն» Կ՛ըսէ Մոկերինի

Յաջորդը

Էրտողան Իրաքեան Ժողովրդային Զօրախումբը Կը Զգուշացնէ Թելաֆրի Մէջ Թիւրքմեններուն Դէմ Յարձակում Գործելէ

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.