ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իրլանտական Թիփերարի քաղաքին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ դիւանագիտական լուծման հասնելու կարելիութիւն գոյութիւն ունի, սակայն ատոր համար Ռուսիան, Իրանն ու ինքնին Սուրիոյ իշխանութիւնները պէտք է «ընդունին տագնապի բոլոր կողմերուն մշակած խելամիտ մօտեցումը»:
Քերրիին ուղղուած էր այն հարցումը, թէ արդեօք կարելի՞ է սուրիական տագնապի լուծում գտնել նախքան Միացեալ Նահանգներու գործող վարչակազմի լիազօրութիւններու ժամկէտի աւարտը, այսինքն` մինչեւ յունուար 2017:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Քերրի ըսած է. «Այն պատճառով, որ նախորդ նախաձեռնութիւնները ոչ մէկ արդիւնքի կը հասնէին որոշակի ժամանակի ընթացքին, ես կ՛ուզեմ շատ զգուշաւոր ըլլալ այսպիսի հարցումներու պատասխանելու ընթացքին: Սակայն եթէ խօսելու ըլլանք աւելի լայն իմաստով` արդեօք ատիկա կարելի՞ է: Այո՛, կարելի է, պայմանով, որ ռուսերը, իրանցիները եւ (սուրիական) վարչակարգը ընդունին բոլոր կողմերուն առաջարկած խելամիտ մօտեցումը, որ նպատակաուղղուած է քաղաքական բանակցութիւններուն մօտենալուն», ըսած է Քերրի: